
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ աւարտեց Լիբանան կատարած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, որուն հիմնական նպատակն էր նախագահական ընտրութեան թղթածրարը իր տեղքայլի կացութենէն դուրս բերել:
Շուքրի երէկ առաւօտեան այցելեց Ռապիէ, ուր ընդունուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու նախագահական աթոռի թափուր կացութեան վերջ մը տալու անհրաժեշտութիւնը:
Շուքրի հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապի լուծման գծով միջազգային եւ շրջանային հետաքրքրութիւն կայ:
Շուքրի ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Սուրիոյ, Եմէնի, Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:
Մեհրապի մէջ Շուքրի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժահժահ մաղթեց, որ Գահիրէ վերստանձնէ շրջանին մէջ իր ազդու դերակատարութիւնը, յատկապէս Լիբանանի զօրակցութեան առումով:
Իր կարգին, Շուքրի յայտնեց, որ Եգիպտոս ճիգ պիտի չխնայէ` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով լիբանանեան քաղաքական ուժերուն տեսակէտները կամրջելու:
Շուքրի այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի կարգ մը երեսփոխաններուն հետ:

Իսկ Եարզէի մէջ Շուքրի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Շուքրի այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւնները:

Շուքրի այցելեց նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց եգիպտացի դիւանագէտին` Լիբանան կատարած իր այցելութեան առիթով:
 
			

