Լիբանանեան

Ժահժահ Եւ Ժեմայէլ Շնորհաւորեցին  Մարոնի Միաբանութեան Աբբահայրը

Ժահժահ Եւ Ժեմայէլ Շնորհաւորեցին Մարոնի Միաբանութեան Աբբահայրը

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ այցելեց Ղազիրի Մար Անթոնիոս վանքը, ուր շնորհաւորեց Մարոնի միաբանութեան աբբահայր Նաամթալլա Հաշեմը իր ընտրութեան առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նոյն նպատակով Հաշեմի այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, որ շնորհաւորեց հայր Հաշեմը` մաղթելով, որ Մարոնի հայրերու միաբանութիւնը իր առաքելութիւնը շարունակէ` անշեղ մնալով իր ուղեգիծէն:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդը այսօր կէսօրուան ժամը 1:00-ին պիտի գումարէ ժողով մը, որուն ընթացքին պիտի շարունակէ քննարկել իր որդեգրելիք մագլցողական քայլերուն մանրամասնութիւնները: Խորհուրդը հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը երկրին ընկերային հարցերուն լուծումներ չունի, եւ անհրաժեշտ է մագլցողական քայլեր որդեգրել` ներկայացնելու համար արդար պահանջները: ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրարու հետ բախումներ ունեցան, երբ հացադուլի դիմած իրենց ընկերը վերադարձաւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան եւ կոչ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ վաղը` երեքշաբթի, 16 օգոստոս 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 17 օգոստոսին:

«Իսրայէլը Ապագայ Չունի, Մեր Ընտրանքը  Հալէպի Մէջ Մնալն Է, Իսկ Մեր Թեկնածուներն Են  Զօր. Աունը Եւ Պըրրին»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Իսրայէլը Ապագայ Չունի, Մեր Ընտրանքը Հալէպի Մէջ Մնալն Է, Իսկ Մեր Թեկնածուներն Են Զօր. Աունը Եւ Պըրրին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Լիբանանի դէմ յուլիսեան պատերազմի 10-ամեակին առիթով Հըզպալլա Պընթ Ժպէյլի մէջ կազմակերպեց յաղթանակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայն են, որ նախագահական ընտրութիւնը բանալին է հարցերու լուծման, եւ բոլորին դիմաց տուեալները յստակ են: «Մենք յուլիսեան պատերազմէն առաջ արդէն իսկ յանձնառու էինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում...

Զիատ Ալլուքի Ազատութեան Մէջ Է

Զիատ Ալլուքի Ազատութեան Մէջ Է

Պարրանիէ թաղի զինեալ խումբի ղեկավար Զիատ Ալլուքի երէկ ազատ արձակուեցաւ, աւարտելէ ետք իր բանտարկութեան ժամանակաշրջանը: Ռումիէի բանտէն ան ուղղուեցաւ Թրիփոլի, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ կատարուեցաւ տօնակատարութիւն եւ հրավառութիւն` ողջունելու համար Ալլուքիի տունդարձը: Ալլուքի սպառնաց զիրենք վաճառող եւ իրենց դէմ դաւադրութիւն գործող կողմերը հաշուետուութեան կանչել. ան կոչ ուղղեց բոլոր պատասխանատուներուն ազատ արձակելու նաեւ մնացեալ բոլոր բանտարկեալները: «Մենք...

Պըրրի ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հրամանատարին Հետ  Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Պըրրի ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերրին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերաբերող հարցեր: Պըրրիի այցելեցին նաեւ նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ եւ Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա:  

Հայր Նաամթալլա Հաշեմ Ընտրուեցաւ  Մարոնի Միաբանութեան Աբբահայր

Հայր Նաամթալլա Հաշեմ Ընտրուեցաւ Մարոնի Միաբանութեան Աբբահայր

Մարոնի միաբանութիւնը երէկ ընտրեց իր նախագահը: 320 քուէներէն 211-ը վճռեցին, որ հայր Նաամթալլա Հաշեմ Մարոնի միաբանութեան նոր աբբահայրն է: Մարոնի միաբանութեան ընտրութիւնները, որոնք կը կատարուին վեցամեայ դրութամբ, սկսած էին անցեալ երեքշաբթի օր, Ղազիրի Մար Անթոնիոս վանքին մէջ: Հայր Նաամթալլա Հաշեմի ընտրութեան առիթով Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի եկեղեցւոյ եւ Հասպայա-Մեթնի Մար Թաքլա եկեղեցւոյ զանգերը հնչեցին:  

Ռայի Պատրիարքը Արայժիի Հետ Քննարկեց  Ուատի Քաննուպինի Մէջ Հոգեւոր  Զբօսաշրջութեան Կարելիութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Արայժիի Հետ Քննարկեց Ուատի Քաննուպինի Մէջ Հոգեւոր Զբօսաշրջութեան Կարելիութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժին, որուն հետ քննարկեց Ուատի Քաննուպինի մէջ հոգեւոր զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք Արայժի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Ուատի Քաննուպինի մէջ գտնուող պատմական, մարդկային եւ  կենսոլորտային բոլոր յատկանիշները պահպանելու կարեւորութիւնը: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, որ պատրիարքին հետ քննարկեց քաղաքական...

Պասիլ Հանդիպումներ Ունեցաւ Եգիպտոսի  Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպաններուն Հետ

Պասիլ Հանդիպումներ Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպաններուն Հետ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Զայետ յայտնեց, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ Լիբանանի զօրակցութեան: Զայետ ընդգծեց նախագահական թափուր աթոռի դրութեան վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ Եգիպտոս նախանձախնդիր է Լիբանանի հետ իր ռազմավարական եւ իւրայատուկ...

Ապտէի Հրապարակին Վրայ.  Անարդար Կերպով Աշխատանքէ Արձակուած  Մուսթաքպալի Պաշտօնեաները Մերժեցին  Ահմետ Հարիրիի Այցելութիւնը

Ապտէի Հրապարակին Վրայ. Անարդար Կերպով Աշխատանքէ Արձակուած Մուսթաքպալի Պաշտօնեաները Մերժեցին Ահմետ Հարիրիի Այցելութիւնը

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի երէկ ուղղուեցաւ Աքքար` շրջագայելու համար տարբեր գիւղաքաղաքներու մէջ: Ան անակնկալի դիմաց գտնուեցաւ, երբ Ապտէի հրապարակին վրայ հանդիպեցաւ իր այցելութիւնը մերժող ցոյցի մը, որ կատարուեցաւ անարդար կերպով աշխատանքէ արձակուած Մուսթաքպալի պաշտօնեաներուն կողմէ: Անոնք Հարիրիէն պահանջեցին հեռանալ Աքքարէն եւ չվերադառնալ, մինչեւ որ մէկ տարուան չվճարուած աշխատավարձերու նիւթական պարտաւորութիւնը կատարուի: Անոնք սպառնացին մագլցողական քայլերու դիմել, եթէ մօտիկ...

«Նախագահական Ընտրութիւնը  Կը Կատարուի Իրանի Արտօնութեամբ»   Շեշտեց Ահմետ Ֆաթֆաթ

«Նախագահական Ընտրութիւնը Կը Կատարուի Իրանի Արտօնութեամբ» Շեշտեց Ահմետ Ֆաթֆաթ

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծման համար պէտք է բեկում մը արձանագրուի եւ այդ բեկումը պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւնը: «Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն պիտի կատարուի միայն Իրանի արտօնութեամբ», ըսաւ ան: Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնները կատարելու համար պէտք է յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը: Ֆաթֆաթ նշեց,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր` շաբաթ, 13 օգոստոս 2016-ին պիտի փոխանցէ յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի 10-ամեակին պատգամը, այդ առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկին ընթացքին: Դիմադրութեան յաղթանակին նուիրուած ձեռնարկը պիտի կատարուի Պընթ Ժպէյլի մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ իսլամական երկիրներուն պետերը պէտք է իրարու միջեւ երկխօսութիւն կատարեն, որպէսզի կարենան փրկել իրենց ժողովուրդները:...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է  Առողջարար Սնունդի Լիբանանեան Խորհուրդի  Նախագահը Նշանակելու Հոլովոյթին

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է Առողջարար Սնունդի Լիբանանեան Խորհուրդի Նախագահը Նշանակելու Հոլովոյթին

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց վարչապետ Թամմամ Սալամ. ան պահանջեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ նախագահական թափուր աթոռի դրութիւնը իր վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ սահմանադրական հաստատութիւններուն վրայ: Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կառավարութիւնը վաւերացուց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան կողմէ ներկայացուած պահանջը, որ պայմանագիրով գործող ուսուցիչներ վարչական պաշտօններ ստանձնեն գիւղական շրջաններու մէջ գտնուող կարգ...

Լիբանանեան Օդուժը Շարունակեց Ռմբակոծել  Արսալի Եւ Ռաս Պաալպեքի Բարձունքները

Լիբանանեան Օդուժը Շարունակեց Ռմբակոծել Արսալի Եւ Ռաս Պաալպեքի Բարձունքները

Լիբանանեան օդուժը երէկ շարունակեց ռմբակոծել Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներու դիրքերը: Բանակը հիմնականին մէջ թիրախ դարձուց Ժապհաթ Ֆաթհ Շամի (նախապէս` Ժապհաթ Նուսրա) կեդրոններն ու զէնքի պահեստանոցները: Ռմբակոծումներու ենթարկուեցան նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Ռմբակոծումներուն հետեւանքով սպաննուեցան մեծ թիւով զինեալներ. անոնց շարքին էր Քալամունի շրջանի Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլիի օգնականը` Ապու Խալետ Թալլին: Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 5:00-էն...

Հոլլանտ. «Ֆրանսա Միշտ Ներկայ Է  Երաշխաւորելու Լիբանանի Ապահովութիւնը»

Հոլլանտ. «Ֆրանսա Միշտ Ներկայ Է Երաշխաւորելու Լիբանանի Ապահովութիւնը»

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ Ֆրանսայի մէջ ներկայ գտնուեցաւ լիբանանցի ներդրողներու նախաձեռնութեամբ կառուցուած պանդոկի մը բացումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Ֆրանսա միշտ ներկայ է երաշխաւորելու Լիբանանի ապահովութիւնը: Հոլլանտ հաստատեց, որ Փարիզ յանձնառու կը մնայ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու գոյութեան: «Ամէն անգամ, երբ Ֆրանսա յարձակումի կ՛ենթարկուի, լիբանանցիները կը զօրակցին մեզի, իսկ Լիբանանի պարագային նոյն վերաբերումը կը ցուցաբերուի Փարիզի կողմէ», ըսաւ ան` հաստատելով,...

Ֆրենժիէ Դեսպան Մկրտչեանի Հետ  Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Ֆրենժիէ Դեսպան Մկրտչեանի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը` ներկայութեամբ Ժան Պութրոսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան  Պլոքի Նիստ.   Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարին  Ձգձգումը Այլեւս Անհասկնալի Է

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Նիստ. Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարին Ձգձգումը Այլեւս Անհասկնալի Է

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստէն ետք պլոքին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարդաց երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, որ յայտնեց, թէ Ազգային երկխօսութեան նիստը կը շարունակուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի պատասխանատուութեամբ` աւելցնելով, որ այդ նիստերը վստահութիւն եւ յոյս կը ներշնչեն լիբանանցիներուն` Լիբանանը կայուն ընթացքի մէջ զետեղելու առումով: Ֆատլալլա նշեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը կը մնայ հիմնական ելք...

Ժոմպլաթ Դրուատեց Բանակին Տրամադրուած  Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւնները

Ժոմպլաթ Դրուատեց Բանակին Տրամադրուած Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւնները

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դրուատեց լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները` հաստատելով, որ անոնք շատ արժէքաւոր են եւ տեղին` ահաբեկչութեան դէմ կռուելու եւ երկրին ու քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը ապահովելու համար: «Լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները շրջանային եւ միջազգային առումով ամէնէն զգայուն պայմաններուն ընթացքին կատարուած են», ըսաւ Ժոմպլաթ` աւելցնելով, որ անոնք կ՛ամրապնդեն բանակին կարողութիւնները: Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց նաեւ...

«Անկարելի Է Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Մշակել,  Երբ Քաղաքական Համախոհութիւն Գոյութիւն Չունի»   Ըսաւ Մքարի

«Անկարելի Է Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Մշակել, Երբ Քաղաքական Համախոհութիւն Գոյութիւն Չունի» Ըսաւ Մքարի

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ նկատի ունենալով ներկայիս տիրող շրջանային պայմանները, կարելի չէ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարել: Ան դիտել տուաւ, որ Հըզպալլա տրամադիր չէ առաջադրուած թեկնածուներէն մէկուն կամ ոեւէ այլ թեկնածուի ի նպաստ քուէարկել` սպասելով շրջանային զարգացումներուն: Մքարի անհրաժեշտ նկատեց սպասել 5 սեպտեմբերի Ազգային երկխօսութեան նիստին արդիւնքներուն` աւելցնելով սակայն, որ այդ նիստը իր կարգին կրնայ արդիւնաւէտ չըլլալ: Մքարի...

Մաշնուք. «Ներկայ Պայմանները Յարմար Են  Հարիրին Վարչապետ Նշանակելու, Իսկ Պըրրին  Ընտրելու Խորհրդարանի Նախագահ»

Մաշնուք. «Ներկայ Պայմանները Յարմար Են Հարիրին Վարչապետ Նշանակելու, Իսկ Պըրրին Ընտրելու Խորհրդարանի Նախագահ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծման առումով ներկայացուած փաթեթային ծրագիր գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը լուծման մէկ բաժինը չէ, այլ` բոլոր լուծումներուն դուռը: Մաշնուք հաստատեց, որ երկրին ուժերուն հաւասարակշռութեան հիման վրայ կ՛որոշուին լուծումները եւ ոչ թէ քաղաքական ամբողջական համաձայնութեամբ: «Ներկայ պայմաններուն տիրող ուժերու հաւասարակշռութիւնը յարմար կը...

Page 810 of 986 1 … 809 810 811 … 986

Արխիւներ