Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Դեսպան Մկրտչեան եւ նախարար Արայժի շեշտեցին մշակութային մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը: