
Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի երէկ ընկերակցութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահին ուղղուեցան Թուրքիա, ուր հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի բանբեր, դեսպան Իպրահիմ Քալընի հետ:
Հարիրի եւ Ժարրահ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անունով զօրակցութիւն յայտնեցին թուրքերուն` դրուատելով ժողովրդավարութեան արձանագրած յաղթանակը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ Թուրքիոյ ապահովական կայունութեան պահպանումը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները:
ՄԻՒՍ կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշը, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Սայտայի թրքական հիւանդանոցին աշխատանքը սկսելու քայլերը:
 
			

