«Իսրայէլեան Ուժերուն Գործած Ոտնձգութիւնները Ժխտական Կերպով Կ՛ազդեն Երկրին Սահմանային Կայունութեան Վրայ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը փորձած են շինութիւններ կատարել այնպիսի տարածքի մը վրայ, որուն առնչութեամբ Լիբանան վերապահութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ի մօտ` նկատի ունենալով այդ տարածքին լիբանանեան ինքնութիւնը: «Հետեւաբար Իսրայէլ ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի նման քայլերու նախաձեռնելու», ըսաւ ան: Իպրահիմ ընդգծեց, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց հաղորդակցութիւնները` ամրապնդելու համար սահմանային...



















