Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Թարեք Ֆլիթին ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցելու եւ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումներ գործելու յանցանքով:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ կենսոլորտային հարցերը, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապներէն դուրս բերելու` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրելու պայմանները ամբողջանալու ընթացքին մէջ են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները կառավարութենէն պիտի չհրաժարին եւ մագլցողական քայլերու պիտի չդիմեն: Ան հաստատեց, որ իրենք լաւատես են սեպտեմբերին կատարուելիք նախագահական ընտրութեան հաւանականութեամբ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ նախագահեց Սայտայի խորհրդակցական հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ Սայտայի մէջ բազմազանութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

ԱՐՏԵՐԿՐԻ մարոնիներու խորհուրդի նախագահ Նաամաթ Աֆրամ հաստատեց, որ իրենք պիտի մշակեն Լիբանան ուղեւորուելու այնպիսի ծրագիրներ, որպէսզի արտերկրի լիբանանցիները վերադառնան իրենց արմատներուն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ յուլիսեան պատերազմին յաղթանակը Լիբանանը եւ արաբ ժողովուրդը հզօր դարձուցած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու համար լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է արտայայտեն իրենց կեցուածքները:

ՊԱԱԼՊԵՔ- ՀԵՐՄԵԼԻ նահանգապետ Պաշիր Խտըր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Աքքարի նահանգապետ Իմատ Լապաքիի հետ, քննարկուեցան զոյգ նահանգներուն մէջ գտնուող գիւղերուն եւ գիւղաքաղաքներուն կարիքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստերը պոյքոթի ենթարկող քաղաքական ուժերը պատասխանատու են երկրին մէջ տիրող նախագահական թափուր աթոռի դրութեան համար:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի հետ: Հանդիպումէն ետք Խազեն հաստատեց, որ Վատիկանի դերակատարութիւը անպայման յաջողութիւն պիտի արձանագրէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման բանալին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ոչինչ կրնայ իր սովորական ընթացքը ունենալ, առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցին լուծման առումով ինք Եգիպտոսի դերակատարութիւնը յուսադրիչ չի նկատեր, որովհետեւ շրջանին մէջ Եգիպտոսի ազդեցութիւնը կրճատուեցաւ:

 

Նախորդը

Անգարա Աթէնքէն Կը Պահանջէ Անմիջապէս Յանձնել Յունաստան Ապաստանած 8 Թուրք Զինուորները

Յաջորդը

«Իսրայէլի Զօրակցութիւնը Վայելող Հաւատադրժողական Ահաբեկչութիւնը Շրջանին Գլխաւոր Տագնապն Է» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?