ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի Լիբանան կեցութիւնը շրջանին մէջ արաբական ներկայութեան իմաստով հաւասարակշռութիւն մը կը ստեղծէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պարագային Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները կառավարութենէն պիտի չհրաժարին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ զգուշացուց Շեպաայի հիւանդանոցին մէջ պաշտօնները քաղաքական շահերու համաձայն բաժնելու քայլէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերը պիտի չհետեւին նախագահական ընտրութեան առումով Հըզպալլայի պարտադրած պայմաններուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ ինք երբեք լաւատես չէ, որ նախագահական ընտրութեան առումով Ազգային երկխօսութեան նիստերը կրնան լուծումներ ունենալ:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նապիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով: Ան հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը յանձնառու կը մնայ խառն ընտրական օրէնքին:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Աքքարի մէջ կենսոլորտային զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով ծրագիրներ կը մշակուին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ եթէ Եգիպտոս շրջանին մէջ աշխուժ դերակատարութիւն ունենալ փափաքի, ապա ան շրջանի երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները պէտք է բարելաւէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով ժխտական մթնոլորտ կը տիրէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր ներդրումը կ՛ունենայ ամբողջ շրջանը բարոյապէս, ինչպէս նաեւ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական մակարդակներուն վրայ քայքայելու իմաստով:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբը ապօրինի համացանցի թղթածրարի քննարկումին յատկացուած իր նիստը երէկ յետաձգեց, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի բացակայութեան պատճառով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը նախագահական ընտրութեան հարցը լուծելու առումով ոչ մէկ նորութիւն առաջարկած է:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին համաձայն, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի կը միտի շրջանային իրադարձութիւններուն առնչութեամբ լիբանանցիներուն կարծիքները նկատի ունենալ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած վերջին յայտարարութիւնները երբեք իրականութիւն պիտի չդառնան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Հըզպալլա նախկին վարչապետ Հարիրիին առաջարկած է վարչապետի պաշտօնը, որուն փոխարէն պահանջած է հանրապետութեան նախագահութիւնը վերապահել իր թեկնածուին:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ Պըրրի լաւատես է շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող դրական քայլերով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն ոմանք կը պատրաստուին բանակին անձնատուր ըլլալու:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի կոչ ուղղած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան շուրջ հանրաքուէ կատարելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին պիտի հրապարակէ որոշում մը` մէկ տարիով երկարաձգելու համար Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի պաշտօնավարութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, վարչապետի պաշտօնին շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնը նոյնքան կարեւոր է, ինչքան հանրապետութեան նախագահինը: