Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Նախագահական Աթոռի Թափուր Կացութեան Մասին

Օգոստոս 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_shukri_81616

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը նախանցեալ երեկոյեան հասաւ Լիբանան:

Շուքրի ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Շուքրի հաստատեց, որ Եգիպտոս քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ գործակցութեան ընդմէջէն կը ջանայ ո՛չ միայն Լիբանանին, այլեւ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատել:

«Արաբական երկիրներուն սպառնացող մարտահրաւէրներուն պէտք է դիմադրել յաւելեալ ճիգով եւ ըմբռնումով», ըսաւ ան:

Շուքրի հաստատեց, որ «լիբանանեան թղթածրարը կը հետաքրքրէ բոլորը, իսկ Լիբանան կատարած իմ այցելութեանս նպատակն է ամրապնդել Լիբանանի նկատմամբ Եգիպտոսի յանձնառութիւնը»:

Վարչապետարանին Մէջ

Shukri_pc_81616

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սամեհ Շուքրին, որ հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ Եգիպտոս կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան եւ կը մաղթէ, որ ան շրջանցէ իր դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրները:

«Եգիպտոս պատրաստ է Լիբանանի հետ իր երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ տիրող պայմանները յաւելեալ զօրակցութիւն, ինչպէս նաեւ պետութեան պահպանում կ՛ենթադրեն:

Շուքրի անդրադարձաւ նաեւ տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութեան, որպէսզի փոխադարձ բարգաւաճում կարելի ըլլայ արձանագրել:

«Եգիպտոս շահագրգռուած է Լիբանանի ապահովական կայունութեամբ` նկատի ունենալով Լիբանանի վրայ շրջանի երկիրներուն ունեցած ժխտական ազդեցութիւնը», շեշտեց վարչապետ Սալամ:

Շուքրի շեշտեց, որ ինք կը փափաքի լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ հանդիպիլ, այն յոյսով, որ կարելի ըլլայ երկրին քաղաքական տագնապը լուծել:

Պուսթրոս Պալատին Մէջ

basil_shukri_81616

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Շուքրին, որուն հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան զօրակցող միջավայր գոյութիւն չունի:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը լուծելու միակ ձեւը անոնց տունդարձն է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ անոնց կեցութիւնը վտանգաւոր է ե՛ւ իրենց, ե՛ւ լիբանանեան կառուցուածքին համար:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան այլեւս անկարող է հոգալ գաղթականներուն ծախսերը` նկատի ունենալով գաղթականներուն հսկայ թիւը, որ աշխարհի մէջ ոչ մէկ երկիր կրցաւ հանդուրժել:

Իր կարգին, Շուքրի ընդգծեց, որ Եգիպտոս մտահոգ է Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռի կացութեամբ` շեշտելով, որ Գահիրէ պատրաստ է ամէն ջանք ի գործ դնելու` փոխըմբռնում ապահովելու նպատակով: Այս շրջագիծին մէջ, Շուքրի նշեց, որ Եգիպտոս լիբանանեան քաղաքական այս կամ այն կողմի նկատմամբ նախընտրութիւն չունի, այլ` անոր նպատակն է ամրապնդել Լիբանանի պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւնները:

Շուքրի շեշտեց նաեւ ահաբեկչութեան դէմ միասնաբար պայքարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Թունուզի Խորհրդարանի Փոխնախագահն Ու Թուրքիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Կ՛ուզէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Նոր Հանդիպում Կազմակերպել» Կ՛ըսէ Ուորլիք

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?