Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակի Զրահապատ Մը Արսալի Մէջ Թիրախ Դարձած Է Պայթումի, Իսկ Բանակը Բերման Ենթարկած Է Կասկածելիներ

August 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lebanese-army-

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ երկուշաբթի, 15 օգոստոսի առաւօտեան, լիբանանեան բանակի զրահապատ մը Արսալի մէջ թիրախ դարձած է պայթումի մը` ճամբուն եզերքը զետեղուած ականի մը միջոցով:

«Երեք քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ կշռող ականին պայթումը պատճառեց հինգ վիրաւոր: Պայթումի թիրախ դարձած զրահապատին մէջ գտնուող զինուորները թեթեւ կերպով վիրաւորուած են», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով, որ բանակը պայթումին մասին հետաքննութիւն բացած է:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի Ռաս Սըրժ շրջանին մէջ նախանցեալ առաւօտեան կատարեց խուզարկումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալեց 50 կասկածելիներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կը գործակցին:

Նշենք նաեւ, որ Ահմետ Ասիրի երկու հետեւորդներ` Տարուիշ Ռ. եւ Ֆատի Ռ., երէկ կէսօրին պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մուտքին անձնատուր եղան լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:

Արսալ Կը Դատապարտէ

Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի, որ նախանցեալ օր երրորդ անգամ ըլլալով մահուան սպառնալիք ստացած էր Արսալի բարձունքները գտնուող զինեալներէն, երէկ խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ գործուած ոճիրը` շեշտելով, որ Արսալ իր կայուն իրավիճակին վերադարձած էր բանակին տեղակայումէն ետք:

Հուժէյրի ընդգծեց, որ Արսալի մէջ բանակին դէմ յարձակումը կտրականապէս մերժելի է, որովհետեւ բանակը Արսալի եւ ամբողջ Լիբանանին համար ազգային արժանապատուութիւն է:

Իրենց կարգին, Արսալի բնակիչները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծեցին, որ բանակին դէմ գործուած յարձակումը դատապարտելի է:

 

 

Նախորդը

«Յուլիսեան Պատերազմին Լիբանանի Ցուցաբերած Դիմադրութիւնը Հարուած Մըն Է, Որ Տակաւին Կը Ցաւցնէ Իսրայէլը» Շեշտեց Լարիժանի

Յաջորդը

Մուքպել Ներկայ Իրավիճակը Քննարկեց Վարչապետին, Բանակի Հրամանատարին Եւ Իրանի Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.