
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը պիտի աշխուժացնէ Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն կեանքը, ինչպէս նաեւ պիտի լուծէ նախագահական աթոռի թափուր դրութեան հարցը:
«Այս հարցին լուծումը կարելի կը դառնայ, երբ լիբանանցիները կը զգան, թէ իրենք միասնաբար կը գործեն եւ համաձայնաբար հանրապետութեան նախագահ մը կ՛ընտրեն», ըսաւ Ռաատ:
Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան հաւանականութիւնը մեծ է` աւելցնելով, որ Լիբանանը յուզող քաղաքական այդ տագնապին լուծումը մօտալուտ է:
Ռաատ յոյս յայտնեց, որ իրականանայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի լաւատեսութիւնը` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց Բանակ, ժողովուրդ, դիմադրութիւն ադամանդեայ տարազը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անիկա Լիբանանի պաշտպանութեան, երկրին ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր պատերազմի պարագային արձանագրուելիք յաղթանակին երաշխիքն է:


