Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսալի Մէջ Լիբանանեան Բանակը Վնասազերծեց Ական Մը, Իսկ Մաշարիհ Քաայի Մէջ Կատարեց Ձերբակալումներ

August 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lebanese-army-

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Արսալի Ռաս Սըրժ շրջանին մէջ բանակի սակրաւորները վնասազերծած են 400 քկ պայթուցիկ նիւթ պարունակող ական մը` պատրաստուած այնպիսի կերպով, որ կարելի ըլլար զայն հեռուէն պայթեցնել:

Նշենք, որ բանակը առաւօտեան Մաշարիհ Քաայի մէջ կատարեց խուզարկումներ, որոնց լոյսին տակ ձերբակալեց շարք մը սուրիացի քաղաքայիններ:

Պէտք է նշել նաեւ, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մօտ 5 յանցագործներ անձնատուր եղան լիբանանեան բանակին: Այդ յանցագործներէն էին պաղեստինցի Թարեք Շեհապին, որ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն Ուսամա Շեհապիի եղբայրն է, պաղեստինցի Ղալեպ Հ.-ն, որ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն Պիլալ Պատըրի հօրեղբայրն է, ինչպէս նաեւ Պիլալ Պատըրի եղբայրները` Շիրահ Պատըր եւ Ահմետ Պատըր, պաղեստինցի Մարուան Ս.-ն, որուն դէմ բազմաթիւ բերման գիրեր հրապարակուած են:

Երեկոյեան ժամը շուրջ 8:00-ին Պետական անվտանգութեան ուժերը հաղորդեցին, որ Քըպպէյաթի Ռամա-Ուատի Խալետ գիւղաքաղաքին մէջ կրցած են ձերբակալել վտանգաւոր կասկածելի մը:

Միւս կողմէ, ապահովութեան ուժերը Ուաթա Մսայթպէի մէջ զննեցին ինքնաշարժ մը, որ կանգնած էր ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի բնակարանին դիմաց: Ինքնաշարժին ականուած ըլլալուն մասին կասկածներ հաղորդուած էին: Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ ինքնաշարժը ականուած չէր:

 

 

Նախորդը

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կոչ Կ՛ուղղեն Մշակելու Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

Յաջորդը

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Անպայման Պիտի Կատարուին»

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.