
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, որոնց հետ քննարկեց անոնց ստանձնած նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ եւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետ:


