Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ նախանցեալ գիշեր ներկայ գտնուեցաւ Պաալպեքի փառատօնին, որմէ ետք հանդիպում մը ունեցաւ փառատօնը կազմակերպող մարմիններուն հետ` ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի:
Հանդիպումէն ետք Քաակ շեշտեց, որ ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին` աւելի լաւ ապագայի մը համար, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով:
«Լիբանան կարիքը ունի յաւելեալ զօրակցութեան եւ օժանդակութեան, որովհետեւ անոր մատուցուած աջակցութիւնը անբաւարար է», հաստատեց ան:
Քաակ գնահատեց Հաժ Հասանի ի գործ դրած ջանքերը` ճարտարարուեստի նախարարութեան աշխատանքները բարելաւելու նպատակով:
Ան աւելցուց, որ ինք Պաալպեք այցելած է ներկայ գտնուելու համար փառատօնին` ընդգծելով, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած բազմաթիւ հարցերուն, երկրին մէջ փառատօները անպակաս են, ինչ որ ցուցանիշ է կեանքին նկատմամբ լիբանանցիներուն սիրոյն:
Քաակ մաղթեց, որ Լիբանան մնայ կայուն երկիր, եւ կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն` լուծելու ներքին լիբանանեան հարցերը:
Իր կարգին, Հաժ Հասան յայտնեց, որ Պաալպեք ապահով շրջան մըն է շնորհիւ բանակին, ապահովութեան ուժերուն եւ Դիմադրութեան:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները կը պաշտպանեն իրենց սահմանները` աւելցնելով սակայն, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է արդար վարուի Լիբանանի հետ:
Անդրադառնալով լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերուն` Հաժ Հասան դիտել տուաւ, որ եթէ կացութիւնը այս ընթացքով շարունակուի, ապա խորհրդարանը պիտի ստիպուի կա՛մ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել, կա՛մ 1960-ի օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւն կատարել եւ կա՛մ ալ երկիրը անիշխանութեան պիտի մատնուի: