Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սալամ եւ Թաքուա մզկիթներուն դէմ գործուած պայթումներուն յիշատակին նախօրեակին պէտք է ընդգծել, թէ Թրիփոլին է՛ եւ կը մնայ համերաշխութեան եւ չափաւորականութեան խորհրդանիշը, որքան որ ալ փորձեն զայն այլ կերպով ներկայացնել:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ զբօսաշրջական մարզերը յուզող շարք մը հարցեր:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը կատարեց Պեքաայի գիւղերը, ինչպէս նաեւ Լիթանի գետ, ուր շեշտեց գետը մաքրելու անհրաժեշտութիւնը: Հաժ Հասան հաստատեց, որ կոյուղիներու մաքրութեան յատուկ կայաններ եւ ցանցեր պէտք է կառուցուին:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ամէնէն լուրջ հարցը կառավարութեան աշխատանքին սառած իրավիճակն է:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ ընդգծեց, որ նախարարաց խորհուրդը ձախող է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ձախողած է շարք մը հարցերուն լուծումները գտնելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը շատ նուրբ է եւ զգայուն, իսկ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պատճառաբանութիւնները անհեթեթ են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն ընդգծեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգման որոշումին դէմ լուռ պիտի չմնան, այլ սուր հակազդեցութիւններ պիտի ունենան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի զգուշացուց Սուրիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութեան լուսանցքայնացումէն եւ Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հետեւանքներէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր հաստատեց, որ բանակի հրամանատարին եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի պաշտօնավարութիւնները երկարաձգելը բնական է, որպէսզի այդ պաշտօնները եւս թափուր չմնան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը մերժէ բանակի հրամանատարութեան պաշտօնը թափուր պահել: Ան շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները միասնական մնան, որովհետեւ անոնց պայքարը մէկ է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նախաձեռնութիւնը որդեգրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի պահպանումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` ազգային երկխօսութեան նոր եռանդ տալու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա երբեք երկխօսութեան կուսակցութիւն մը չի նկատուիր, ընդհակառակն` ան երկխօսութիւնը կը նկատէ իր ծրագիրները երկարաձգելու միջոց:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Լիբանան պիտի չդառնայ շրջանին համար նախատեսուած համաձայնութիւններուն մէկ զոհը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտ կոչ ուղղեց տագնապներուն վերջ տալու եւ աշխատելու ի խնդիր լիբանանցիներուն շահերուն:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւնը կատարելու` նախքան ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութեան մը գոյացումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Հըզպալլա իրենց դէմ յարձակումներ եւ ցեխարձակումներ կը գործէ` ինքզինք պաշտպանելու նպատակով: Մաժտալանի աւելցուց նաեւ, որ իրենք պիտի շարունակեն Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը պահպանել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքը Լիբանանի մէջ համայնքային արդար ներկայացուցչութիւն կրնայ ապահովել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Քապպարա հաստատեց, որ իրենք լուռ պիտի չմնան Սալամ եւ Թաքուա մզկիթներուն դէմ գործուած պայթումներուն հաշուետուութեան քայլերուն մէջ արձանագրուած բացթողումներուն իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց, որ 5 սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստը ըլլայ վճռական եւ ճակատագրական:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանը պիտի չվաճառէ` վարչապետի պաշտօնը ստանալու համար: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հիմնական պատճառներն են երկրին պետական հաստատութիւններու աշխատանքներուն արգելակումին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան պիտի մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, որ իրենք մագլցողական քայլերու դիմելու բազմաթիւ ընտրանքներ ունին` աւելցնելով, որ օրերը պիտի փաստեն այդ իրականութեան մասին:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը փափաքի խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւններ քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Վարչապետը Հանդիպած Է Երկու Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Ղեկավարներու Հետ

Յաջորդը

Այն Հելուէի Մէջ Ապահովական Նիստ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?