Զինուորական նշանակումներուն գծով այս շաբաթ վճռական շաբաթ մը պիտի ըլլայ Լիբանանի համար:
Այս շրջագիծին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել մէկ տարիով երկարաձգեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի պաշտօնավարութիւնը:
Շատ հաւանաբար այս որոշումին յաջորդէ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` նկատի ունենալով, որ նման որոշում մը այլեւս կը նկատուի անհրաժեշտութիւն մը:
Պէտք է նշել, որ նախորդ շաբաթներուն ընթացքին երեսփոխանական տարբեր պլոքներու անդամ երեսփոխանները իրենց կեցուածքներուն մէջ հաստատեցին, որ նախընտրելի է բանակի հրամանատար մը նշանակել եւ ոչ թէ ներկայ հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել, միաժամանակ սակայն անոնք հաստատեցին, որ իրենց համար նախընտրելի է երկարաձգումը, քան` հրամանատարութեան պաշտօնը թափուր պահելը:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ մտահոգութիւն ունի կառավարութեան քայքայումին առումով` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ սպառնալ այդ իմաստով, որովհետեւ ոչ ոք կառավարութենէն պիտի հրաժարի:
Պըրրի կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն, որ զինուորական նշանակումներուն հարցով կառավարութիւնը հարուածելու փոխարէն` օժանդակեն անոր, լուծելու համար երկրին ելեկտրականութեան, ջուրի եւ աղբերու հարցերը:
Պըրրի յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարուի` նախքան տարեվերջը:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի մեծարանքին նուիրուած երեկոյի մը ընթացքին, անդրադարձաւ «Սարայա Մուքաուամա»-ի թղթածրարին եւ սուր կերպով քննադատեց զայն:
Ան հաստատեց նաեւ, որ համաձայնութիւնները չեն նշանակեր, որ ժողովրդավարական հոլովոյթները վերջ պիտի գտնեն` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի արժանի է վարչապետի պաշտօնին:
Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ համախմբումին եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնները միշտ ալ առկայ են, սակայն անոնց թափը դանդաղած է, երբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նախագահական ընտրութեան առումով իր թեկնածուն որոշեց:
Աուն յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն նախագահական ընտրութեան մասին Սաատ Հարիրիի կեցուածքին` անոր Լիբանան վերադարձէն ետք:
Ան շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ լարուածութիւնը չի կրնար համաձայնութեան օգտակար ըլլար: «Սակայն այս շաբթուան ընթացքին մենք կրնանք Պըրրիի յայտարարութեան հակադրուող որոշում մը տալ եւ հրաժարիլ կառավարութենէն եւ սեղանը դարձնել` ճնշում բանեցնելով բոլորին վրայ, որպէսզի ուղղուին դէպի լուծում: