
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլը` ընկերակցութեամբ զինուորական պատուիրակութեան մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կատարուած ամերիկեան օժանդակութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները ամրապնդած են լիբանանեան բանակին կարողութիւնները, յատկապէս ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ Լիբանանի դէմ որեւէ յարձակումի դիմադրելու առումով:
Զօր. Վոթըլ իր կարգին շեշտեց, որ լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդուած է` աւելցնելով, որ ամերիկեան բանակը պիտի ըլլայ լիբանանեան բանակին մնայուն գործակիցը:
Զօր. Վոթըլ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին կարողութիւնները` շեշտելով, որ անոր նուաճումները բացառիկ են` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առումով:
«Լիբանանեան բանակին կողմէ իր սահմանները պաշտպանելու, երկրին ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու յանձնառութիւնը մեզի կը մղէ յաւելեալ զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու լիբանանեան բանակին», հաստատեց զօր. Վոթըլ:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ Ֆնայտեքի մէջ ձերբակալեց հինգ լիբանանցի եւ սուրիացի զինեալներէ բաղկացած խմբակ մը` զանոնք յանձնելով դատական իշխանութիւններուն:
Իրենց կարգին, պաղեստինցի Մոհամետ Խալիլ, որ ծանօթ է իբրեւ «Ապու Ահմետ Ապուլ Քըլ», եւ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն Օմար Մոհամետ Ռ. երէկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մուտքին անձնատուր եղան լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:


