Լիբանանի դէմ յուլիսեան պատերազմի 10-ամեակին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ այդ պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան վրայ տեղաց Իսրայէլի կողմէ արաբական երկիրներուն դէմ բոլոր պատերազմներուն ընթացքին օգտագործուած հրթիռներէն շատ աւելին:
Ան հաստատեց, որ Իսրայէլ այդ պատերազմը սանձազերծած էր շրջանային եւ միջազգային որոշումով, եւ անոր նպատակն էր Դիմադրութիւնը ճզմել:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց նաեւ, որ օրուան վարչապետ Ֆուատ Սինիորա պատասխանատու է յուլիսեան պատերազմի տեւողութեան երկարելուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին վրայ ճնշում բանեցնելուն, որպէսզի անիկա գրաւէր Դիմադրութեան համար Լիբանան ուղարկուած հրթիռներու փոխադրակառքը:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ բազմաթիւ արաբ ղեկավարներ եւս կը փափաքէին, որ պատերազմը երկարի եւ Դիմադրութիւնը տապալի:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինք վստահ է, թէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան նոր պատերազմի մը պարագային Դիմադրութիւնը յաղթական դուրս պիտի գայ:
Ան նշեց, որ Իսրայէլի համաձայն, Լիբանանի դէմ նոր պատերազմ մը արկածախնդրութիւն կը նկատուի` աւելցնելով, որ Իսրայէլ քաջատեղեակ է, թէ ատիկա կրնայ ի վնաս իրեն ըլլալ:
Սէյիտ Նասրալլա նաեւ շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմը յուլիսեան պատերազմին վրէժխնդրութիւնն է:
Սէյիտ Նասրալլա նաեւ հաստատեց, որ ո՛չ Միացեալ Նահանգները եւ ո՛չ ալ Իսրայէլը կրնան Դիմադրութիւնը հարուածել` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան գոյութիւնը կ՛երաշխաւորէ ապագային Իսրայէլի չգոյութիւնը. «ասիկա զիս աւելի համոզուած կը դարձնէ, թէ Իսրայէլ շրջանին մէջ ապագայ չունի», ըսաւ սէյիտ Հասան Նասրալլա: