
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ներկայ գտնուելու իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի յիշատակին նուիրուած հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ, չորեքշաբթի, 31 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ամալ շարժումին կազմակերպութեամբ:
Պըրրի հաղորդագրութեան մէջ հաստատեց, որ հաւաքը պիտի ըլլայ առիթ մը վերահաստատելու լիբանանեան հողերը իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրելու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզին, որ բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահին ջանքերը` նախագահական ընտրութիւն կատարելու, Ազգային երկխօսութեան նիստին մանրամասնութիւնները ճշդելու, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ – Հըզպալլա երկխօսութիւնը հովանաւորելու առումով:
Քազզի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը պէտք է օժանդակեն Պըրրիին` պահպանելու համար ազգային երկխօսութիւնը, որ խորքին մէջ կը միտի համախոհութիւն գոյացնել:
Քազզի ընդգծեց, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայեն նախարարաց խորհուրդը տկարացնելու ճիգերը:


