Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աղմկելէ Հեռու Կատարուած Լուռ Եւ Հանդարտ Աշխատանքը Աւելի Արդիւնաւէտ Կրնայ Ըլլալ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

August 23, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hagop-Pakradounian-OTV_82216

Պուրճ Համուտի մէջ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի կառուցման իմաստով Փաղանգաւոր կուսակցութեան ցուցաբերած մերժողական կեցուածքին եւ անոր կողմէ գործադրուող նստացոյցին մասին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ աղմկելէ հեռու կատարուած լուռ եւ հանդարտ աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ:

«Բոլորս լաւ կը յիշենք, որ անցեալ տարի այս օրերուն աղբերը ի՛նչ վիճակ ստեղծած էին երկրին մէջ: Ի տես այդ իրավիճակին, քաղաքական բոլոր ուժերը, ներառեալ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, երկխօսութեան իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին հաստատեցին, որ լիբանանեան պետութիւնը իր հեղինակութիւնը պէտք է պարտադրէ` լուծելու համար աղբի տագնապը», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ աղբակոյտին մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարուած է` աւելցնելով, որ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի կառուցումէն աւելի վտանգաւոր է այն իրականութիւնը, որ նոյն վայրին մէջ աղբերու մթերանոց մը կառուցելու ծրագիր կայ, իսկ այդ աղբերու մթերանոցին մէջ կը կուտակուի տեսակաւորուած աղբի հսկայական քանակ մը:

«Մենք պատրաստ ենք այս մասին լրջօրէն խորհրդակցելու: Եթէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը մերժէ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի կառուցումը, ուրեմն մենք ալ կը մերժենք աղբերու մթերանոց մը կառուցելու ծրագիրը: Ճիշդ չէ, որ իւրաքանչիւր անգամ, երբ տարբեր կողմերու միջեւ գժտութիւն յառաջանայ, Պուրճ Համուտը եւ Պուրճ Համուտի վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրը մատի փաթթոցի վերածուին, եւ աղմուկ բարձրանայ, թէ ո՞ւր են երեսփոխանները, ո՞ւր է ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ո՞ւր են կուսակցութիւնները: Մենք հոս ենք, կ՛աշխատինք եւ կը վստահեցնենք, որ մենք շատ աւելի յանձնառու ենք մեր ժողովուրդին առողջութեան` քան ուրիշը, որ նոյնիսկ այս շրջանին մէջ չի բնակիր, սակայն կը յայտնուի այն վիճակին մէջ, թէ ինք պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Եւ Նախարար Սէյրան Օհանեան Քննարկած Են Բանակաշինութեան Առնչուող Հարցեր

Յաջորդը

Ակնարկ. Թուրքմենական Եւ Քրտական Գործօնները Ռուս-Թրքական Ժամանակաւոր Մերձեցման Լոյսին Տակ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.