Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ յանձնախումբերու միացեալ նիստը, որ պիտի քննարկէր վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան վերաբերող հարցեր, յետաձգուեցաւ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն տրամադրութիւնները իմանալէ ետք ինք չէ զգացած, որ ընտրական օրէնք մը մշակելու իմաստով կրնայ որոշ խախտում մը արձանագրել:

ՄԱԶԱՐԵՀ Շեպաայի մէջ երէկ լսուեցան պայթումներ, որոնք հետեւանք էին իսրայէլեան ուժերուն կատարած ռազմափորձերուն: Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը շարունակեց ոտնձգութիւններ գործել Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ գործելով հիւսիսային Պեքաայի վերեւ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ իրենք կը ջանան նախարարութեան աշխատանքը բարգաւաճեցնել:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի կոչ ուղղեց բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգող քաղաքական կողմին ուղղուելու խորհրդարան եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ իրանեան որոշումը կը շարունակէ արգելակել նախագահական ընտրութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը տակաւին կը սպասէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առումով Մուսթաքպալ հոսանքի կեցուածքին` աւելցնելով, որ իրենք այդ իմաստով յոռետես չեն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան տեղեկատուութեան հարցերու պատասխանատու Սեսին Սեսին հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ` ապահովելու համար լիբանանցի քաղաքացիներուն շահերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ ըսաւ. «Այնքան ատեն որ միլիսները կ՛իշխեն երկրին, ապա Լիբանանի վրայ պիտի շարունակէ իշխանութիւն բանեցնել ապօրինի զէնքը»:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի յայտնեց, որ Արսալի մէջ կայ քաղաքական ուժ մը, որ չի փափաքիր Արսալը ապահով վայր մը դարձնել:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը շատ աւելի արդիւնաւէտ կրնայ դառնալ, եթէ Հըզպալլայի մարտիկները Լիբանան վերադառնան:

 

 

Նախորդը

Պայտըն Այսօր Կ՛այցելէ Անգարա

Յաջորդը

Զօր. Վոթըլ Կը Խոստանայ Լիբանանեան Բանակին Մնայուն Գործակիցը Ըլլալ

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?