
Իմամ Մուսա Սատըրի անյայտ կորսուելու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի երէկ շեշտեց, որ Իսրայէլի նպատակը Եփրատէն Նեղոս հսկայ պետութեան մը ստեղծումն է` ընդգծելով, որ իրենք համոզուած են, թէ այդ նպատակը տակաւին ի զօրու է:
Ան շեշտեց, որ արաբական եւ իսլամական շրջանին մէջ այսօր բռնկած բոլոր պատերազմները, ինչպէս նաեւ իսլամականութիւն ձեւացնող ահաբեկչական եւ հաւատադրժողական բոլոր խմբաւորումները, որոնք ոճիրներ ու արիւնահեղութիւն կը գործեն, Իսրայէլի շահերուն կը ծառայեն:
Ֆաթհալի դիտել տուաւ, որ ոմանք չեն գիտակցիր ահաբեկչութեան զօրակցելու վտանգներուն` աւելցնելով, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն բարելաւումը վերածուած է բնական երեւոյթի մը, այն աստիճան, որ Իսրայէլի եւ արաբական պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական այցելութիւնները վերածուած են լուրերէն սփռուող իրադարձութիւններու:
Ֆաթհալի կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու իմամ Սատըրի յիշատակին եւ անոր յայտարարած իսլամական միասնականութեան կարգախօսին` դիմադրել կարենալու համար արաբական եւ իսլամական աշխարհը հարուածող դաւադրութիւններուն եւ սադրանքներուն:


