Նախագահական Նիստը Յետաձգուեցաւ 31 Հոկտեմբերին. Սակայն Ճիգերը Կը Շարունակուին` Կեդրոնանալով Ամբողջական Թղթածրարին Վրայ
Մայիս 2014-էն ի վեր ձգձգուող նախագահական ընտրութիւնը երէկ դարձեալ յետաձգուեցաւ հինգ շաբաթով: Արդարեւ, 52 երեսփոխաններու ներկայութեան, օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յետաձգեց նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը 31 հոկտեմբերին: Սակայն Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, ան տրամադիր է նիստին թուականը փոխել, անմիջապէս որ համախոհութիւն գոյանայ նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ: Մինչ այդ, ճիգերը շարունակուեցան հարթելու համար նախագահական ընտրութեան ժամկէտին իրագործումը արգելակող խոչընդոտները:...



















