Երկրի սահմանադրական իրադրութեան եւ ապրուստի կացութեան բարելաւման պահանջներով, ընդլայնուած խաղաղ հաւաք մը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերի երեկոյեան, Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ` աշխատաւորական, կրթական եւ ընկերային զանազան կազմակերպութեանց:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կոչ ուղղեց պատկան կողմերուն շուտափոյթ լուծումներու ձեռնարկելու երկրին հրատապ հարցերուն, այլապէս` հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն աւելի մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն: