
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յայտարարած «զերօ ժամկէտ»-ին ընդառաջ, որ կը սկսի 28 սեպտեմբերի «մագլցողական» քայլերու յայտարարութեամբ, լիբանանեան ու արտաքին շրջանակներ հետաքրքրուած են վարչապետ Թամմամ Սալամի որդեգրելիք կեցուածքով, զոր ան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն իր տունդարձին կ՛ակնկալուի, որ վճռէ` կառավարութիւնը 29 սեպտեմբերին ժողովի հրաւիրելու առնչութեամբ:
Մինչ այդ, լիբանանեան «դաշնակից» թէ «հակադիր» կողմեր կը փորձեն վերջին դասաւորումները կատարել իրենց որդեգրած կեցուածքներուն:
Օրակարգի վրայ արծարծուող խնդրայարոյց հրատապ գլխաւոր հարցերն են, օրինակ` նախագահի աւելի քան երկամեայ թափուր աթոռը, օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութեանց գործունէութեան վերաշխուժացումը, կառավարութեան նիստերու վերսկսումը, Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերակենդանացումը, լիբանանցիները լաւագոյնս ներկայացնող` ընտրական օրէնքի մշակումը, բանակի հրամանատարի եւ սպայակոյտի պետի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ առնչակից այլ հարցեր:
Ազգային Ազատ Հոսանք
Այս իմաստով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտ տակաւին տիրական է զօրաշարժի մթնոլորտը` ներքին կազմակերպչական թէ արտաքին քարոզչական իմաստով: Այս առումով աունական ղեկավար, նախկին նախարար Մարիօ Աուն վերահաստատեց, որ իրենց նախապատրաստական քայլերը կը շարունակուին: Ձայնասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ նախկին նախարարը յիշեցուց, որ իրենք կազմ ու պատրաստ են եւ իրենց շարժումը գագաթնակէտին պիտի հասնի 13-15 հոկտեմբերին: Աունականները քարոզչական արշաւի ձեռնարկած են նաեւ արտասահմանի մէջ: Փաստօրէն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները, երեսփոխաններն եւ պատասխանատուները անձնական-ընտանեկան, արձակուրդի թէ աշխատանքային-ժողովական պիտակի տակ կատարած իրենց ճաբորդութիւնները կը փորձեն առաւելագոյնս օգտագործել ի սպաս իրենց «դատ»-ին` համակիրներ ու զօրակիցներ ներգրաւելու: Անոնց վարկածը կ՛ընթանայ այն հիմնաւորումով, որ հարցը աունականի մը նախագահ ընտրել կամ անձնական շեփորում թէ ցուցադրութիւն չէ, այլ` աւելի խոր ու լուրջ ենթահող ունի` «խնդրոյ առարկայ է Լիբանանի կառոյցն ու վարչակարգը, յատկապէս` միջլիբանանեան համակեցութեան ամրապնդումը, որ 1943-ին որդեգրուած անգիր օրէնք է»:
Ա՛յս դիտանկիւնէն պէտք է դիտել նախարարներ Ժըպրան Պասիլի եւ Էլիաս Ապու Սաապի եւ երեսփոխաններ Ալեն Աունի, Սիմոն Ապի Ռամիայի եւ Իպրահիմ Քանաանի այցելութիւնները եւ հանդիպումները` Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Կիպրոսի մէջ թէ այլուր:
Ազգային ազատ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներուն համաձայն, այս անգամ հոսանքին համակիրներուն փողոց իջնելը նախորդներէն տարբեր պիտի ըլլայ: Անոնք նոյնիսկ հաւանական նկատեցին, որ աունական երեսփոխաններ հրաժարին խորհրդարանէն, ուր խորհրդարանի նախագահին հրաւէրով աշխատանքի կարեւոր նիստ մը կը նախատեսուի 18 հոկտեմբերին:
Մուսթաքպալի Կեցուածքները
Գրեթէ նոյն տարողութեամբ, քուլիսային թէ բացայայտ ճիգեր կը տարուին նաեւ այս ճակատին վրայ: Մուսթաքպալ հոսանքի անդամներուն մեծ մասը կը վերահաստատէ զօր. Աունին հակադրուող ու Ֆրենժիէի թեկնածութեան կառչած մնալու իր կեցուածքը: Միաժամանակ, նոյն հոսանքէն տարրեր տակաւին կը սպասեն իրենց ղեկավարին` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տունդարձին եւ վճռելիք կեցուածքին: Երեսփոխան Ամմար Հուրիի կարծիքով, նախագահական թնճուկին առումով «գնդակը Հըզպալլայի դաշտին մէջ է այժմ»:
Լիբանանեան Ուժեր
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը մեկնելով վերջերս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ գոյացած գործակցութեան համաձայնութենէն, զօրավիգ է աունականներու պահանջներուն` շեշտելով սակայն, որ այդ պահանջներուն լուծումը կարելի է իրականացնել ժողովրդավարութեան, աւելի քան փողոցի ճամբով: Այսուհանդերձ Լիբանանեան ուժերը կը մերժեն խորհրդարանի նիստի մասնակցիլ, նախքան ընտրական բարեփոխուած օրէնքի ճակատագիրին վճռումը, ինչպէս կը հաստատէր երէկ երեսփոխան Անթուան Զահրա: Այս խմբակը եւս իր կարգին կը պատրաստուի դիմակալել որեւէ հաւանականութիւն:
Հըզպալլա
Ուշագրաւ է Հըզպալլայի կեցուածքը, որուն ղեկավարները «ոսկերիչի կշիռք»-ով կը քննեն հարցերը եւ կը դրսեւորեն իրենց կեցուածքը` երկրին զգայուն իրավիճակին լոյսին տակ: Խիստ ծանր ու պատասխանատու է անոնց կեցուածքը, որ կը միտի խաղաղարար կամրջումի դեր կատարել նախ իր դաշնակիցներուն` Պըրրիի, Աունի եւ Ֆրենժիէի միջեւ: Առ այդ, անոնք կը շեշտեն հարցերը կլոր սեղանի շուրջ հարթելու, աւելի քան «փողոցի ճիւղաւորումներուն» մէջ:
Այս իմաստով անոնց ղեկավար դէմքերը շեշտեցին Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերադառնալու եւ սահմանադրական կառոյցներու աշխուժացման կարեւորութիւնը:


