«Առանց արդար դատաստանի քաղաքացին կը մնայ անպաշտպան, իսկ պետութիւնը` անիշխանութեան մէջ», յայտարարեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ, դէպի հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլի կատարած իր այցելութեան ընթացքին:
Թրիփոլիի մէջ, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ արժանացաւ տեղացիներու ջերմ ընդունելութեան եւ ճաշի հիւրը եղաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Թրիփոլիի ղեկավար դէմքերուն եւ հոգեւոր պետերուն ներկայութեան տեղի ունեցած այս ճաշկերոյթին, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ողջունեց հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի Թրիփոլի այցելութիւնը, «ինչ որ ցուցանիշ է, թէ ան կը հոգայ ու կը սիրէ լիբանանեան բոլոր շրջանները անխտիր»:
Այս հանդիպումին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրի այժմու իրավիճակին, յատկապէս` հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի կացութեան վրայ` վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: