Երթեւեկի փոխադրակառքերու մարզը երէկ առաւօտ ժամը 7:00-էն սկսեալ խաղաղ հաւաքներ կազմակերպեց մեքանիքի վճարման չորս կեդրոններուն առջեւ` բողոքելով մեքանիքի վճարման սակերու բարձրացման որոշումին դէմ:
Այս գծով փոխադրակառքերու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլէյս յայտնեց, որ ցուցարարները կրկին պիտի դիմեն ցոյցի հինգշաբթի, 6 հոկտեմբերին, ներքին գործոց նախարարութեան առջեւ:
Նշենք, որ հակառակ հաւաքի կազմակերպիչներուն նախանձախնդրութեան` խաղաղ կերպով ցոյցը կատարելու Տըքուանէի մեքանիքի կեդրոնին առջեւ, սակայն ահաւոր խճողում ստեղծուեցաւ որոշ ժամանակով: