Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անակնկալներով Յղի Շաբաթասկիզբ Մը, Որ Կը Սպասէ Ղեկավարներու Վճռական Կեցուածքին

Սեպտեմբեր 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քաղաքական շաբաթասկիզբը ընթացք կ՛առնէ անակնկալներով լեցուն մթնոլորտի մը մէջ, որ պիտի վճռէ երեք կարեւոր քայլերու ճակատագիրը:

Արդարեւ, հակասական տեղեկութիւններն ու մեկնաբանութիւնները մրցակցութեան մէջ են` իւրաքանչիւրը փորձելով երկրի քաղաքական բեմը ներկայացնել իր դիտանկիւնէն:

Այս իմաստով հայեացքները սեւեռուած են չորեքշաբթի օր նախատեսուող նախագահի ընտրութեան 45-րդ նիստին, որուն գծով տիրական է այն կարծիքը, թէ անիկա եւս նախորդներուն նման ամուլ պիտի մնայ: Սակայն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի շաբաթավերջին Պէյրութ վերադարձը դուռը լայն կը բանայ «անակնկալներու» դիմաց, ըստ որոնց, օրինակ` սէուտական «Օքազ» թերթը իրազեկ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, կը հաստատէ, որ Սաատ Հարիրի պատրաստած է զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրման իր թղթածրարը, ուր սակայն կարգ մը չնչին մանրամասնութիւններ «աշխատանք»-ի կը կարօտին: Նոյն աղբիւրներուն կարծիքով` յառաջիկայ օրերուն նշեալ «խոչընդոտները» եւս կը հարթուին:

hariri_aoun_000

Նմանապէս, լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Հարիրի – Աուն խորհրդակցութիւններ եւ հաղորդակցութիւններ կատարուած են խորհրդարանի չորեքշաբթի օրուան 45-րդ նիստին առնչութեամբ:

Յաջորդ կարեւոր քայլը կը սպասուի հինգշաբթի նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստին գումարման ծիրին մէջ: Փաստօրէն, վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին Նիւ Եորքէն իր տունդարձին ձեռնարկած է քուլիսային խորհրդակցութիւններու հինգշաբթի օրուան նիստին ընթացքին բարեյաջող ելքի յանգելու առաջադրանքով:

hannaoui_000

Սակայն, հոս եւս անակնկալներ կը սպասուին: Այս ծիրին մէջ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի կարծիքով` այս հինգշաբթի կրնայ կառավարութեան նիստ չգումարուիլ` սպասելով «խաղաղարար» ճիգերու դրական արդիւնաւորման: Նմանապէս, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը նախընտրէ առայժմ առկախել կառավարութեան նիստերը` խուսափելու համար նիստէն յաւելեալ նախարարներու բացակայութենէն:

Սպասողական այլ կացութեան մէջ է նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգման հարցը: Անոր պաշտօնավարութեան ժամկէտը կ՛աւարտի 30 սեպտեմբերին: Ըստ վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներու, հինգշաբթի օրուան նիստը չգումարելու պարագային, նախարար Սամիր Մուքպել հարկադրուած կ՛ըլլայ յետաձգելու այս գծով որեւէ որոշումի հրապարակում: Նմանապէս, եթէ հինգշաբթի օրուան նիստը գումարուի եւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել առաջարկէ երեք նոր անուններ (զօր. Քահուաժին փոխարինելու), իսկ բաւարար ձայներու չգոյութեան պատճառով նախարար Մուքպել կրկին կը հարկադրուի յետաձգել այս գծով որեւէ որոշումի հրապարակումը: Այս վարկածը կը շեշտուի յատկապէս վերջերս դրսեւորուած քննադատութեանց հիման վրայ, որոնք ապօրինի կամ հակաօրինական կը նկատեն նախարար Մուքպելի կողմէ զօրավար Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը «ինքնագլուխ կերպով»: Փաստօրէն ներքին գործոց նախկին նախարար Մարուան Շարպել հարց տուաւ, թէ ի՞նչ հիմնաւորումով կը փորձուի երկարաձգել բանակի սպայակոյտի պետ, հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալմանի պաշտօնավարութիւնը:

Այս իմաստով նաեւ իրազեկ աղբիւրներ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վերագրելով իրենց տեղեկութիւնները, հաւանական նկատեցին, որ զօր. Աուն, յատկապէս զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգման հաւանականութեան պարագային, «տուն կանչէ» կառավարութեան անդամ իր նախարարները, ինչ որ խիստ վտանգաւոր քայլ կը նկատուի` տրուած ըլլալով, որ կառավարութիւնը սահմանադրականօրէն «ամէնէն գործօն» կառոյցի հանգամանքը ունի:

tayyar1-92516

Այս բոլորին լոյսին տակ դարձեալ անակնկալներով յղի է Ռապիէի հրապարակը, ուր թէեւ «փողոց իջնելու» կազմակերպչական քայլերը կը շարունակուին, այսուհանդերձ հայեացքները սեւեռուած են Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի տան վրայ, ուրկէ սպիտակ ծուխի արձակման հաւանականութիւնը օր ըստ օրէ հող կը շահի, հակառակ այս առնչութեամբ դրսեւորուող ժխտական կեցուածքներուն, մանաւանդ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամներուն կողմէ, որոնց շարքերուն մէջ տակաւին զգալի երկփեղկում կը տիրէ եւ այս գծով կ՛ակնկալուի, որ լուսաբանութիւն պահանջուի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն:

Առ այդ, «զերօ ժամկէտին» ընդառաջ զօրաշարժի մատնուած աունականներու շարքերը կը սպասեն զօր. Աունի ազդանշանին` «զերօ վայրկեանին» շարժելու համար իրենց պահանջներու իրագործման ուղղութեամբ:

Նախորդը

Աւարտելով Կեդրոնական Պեքաայի Իր Հովուապետական Այցելութիւնը` «Պահպանե՛նք Լիբանանի Համակեցութեան Առաքելութիւնը» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?