Անցնող շաբաթավերջին Նիւ Եորքէն իր վերադարձին վարչապետ Սալամ սերտ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկեց երկրի զանազան կողմերու պատասխանատուներուն հետ` գլխաւորաբար թափ տալու համար յատկապէս ներկայիս երկրի սահմանադրական միակ կանգուն կառոյցին` նախարարաց խորհուրդի աշխատանքներուն: Այս առնչութեամբ Սալամ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Խօսակցութեանց առանցքը կազմեցին վարչամեքենայի վերաշխուժացման, յատկապէս կառավարութեան նիստերու գումարման ամէնէն գործնական քայլերը: Այս առնչութեամբ վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան խիստ զգուշ է արագ որոշումներ տալու գծով` խուսափելով առանց այդ ալ երկրի քաղաքական լարուած մթնոլորտը «վրդովելէ»: Միաժամանակ ան նախանձախնդիր է երկրի սահմանադրական կառոյցներու պահպանման, առ այդ լայնածիր խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ կ՛ուզէ վճռել հինգշաբթի օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստին կոչ ուղղելը: Ըստ վարչապետին մօտիկ աղբիւրներուն, ան կրնայ գէթ այս պարագային ուզած ժամուն կոչ ուղղել եւ պայման չէ երեք օր առաջ տեղեակ պահել նախարարները ժողովի օրակարգի կէտերէն, որովհետեւ ինքնաբերաբար կառավարութեան նախորդ նիստի նոյն օրակարգը պիտի քննարկուի յառաջիկայ նիստին` տրուած ըլլալով, որ նշեալ նիստին անոնք չէին քննարկուած «բացակայ» նախարարներուն պատճառով: Միաժամանակ Սալամ չ՛ուզեր այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ ինք տեղի տուաւ «կողմի մը սպառնալիքներուն», ինչ որ կրնայ անբաղձալի նախընթացի վերածուիլ յառաջիկային: Միւս կողմէ, սակայն, Սալամ չ՛ուզեր «սուր դանակով» խզել կապը որոշ կողմերու հետ` փորձելով տէր կանգնիլ «սահմանադրական կառոյցներու պահապան իրաւարարի իր հանգամանքին», զոր ան բազմիցս յայտարարած էր, թէ այդ հանգամանքով է, որ կը շարունակէ վարչապետի իր «պատասխանատուութիւնը»:
Նաեւ` Նեպիհ Պըրրի
Նմանապէս նոյն մթնոլորտին մէջ է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ իր կարգին կը փորձէ պահպանել իր գլխաւորած սահմանադրական նոյնքան կարեւոր կառոյցին` խորհրդարանին վարկն ու հանգամանքը: Ան արդէն իսկ կը պատրաստուի յառաջիկայ հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն գումարել խորհրդարանի նստաշրջանը, որուն ընթացքին խիստ կարեւոր որոշումներ պէտք է վաւերացուին եւ գործադրութեան դրուին:
Այս ծիրին մէջ Պըրրի երէկ զանազան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ իր այցելուներուն հետ, ինչպէս` նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ուրիշներ: Հոս ալ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրի հրատապ հարցերուն, յատկապէս նախագահական ընտրութեան, կառավարութեան գործունէութեան վերաշխուժացման եւ յարակից հարցերու վրայ: