Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ անոր արտաքին գործոց նախարարին Լիբանան կատարած անջատ այցելութիւններէն ետք, եւրոպական եւ յատկապէս ֆրանսական տարբեր պատուիրակութիւններ այցելեցին լիբանանեան քաղաքական զանազան ուժերու ղեկավարներուն` իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնելով օժանդակելու երկրի քաղաքական թէ բարգաւաճման կարիքներուն եւ դժուարութիւններուն հարթումին:
Ֆրանսական Ծերակոյտի Պատուիրակութեան Հանդիպումները
Այս ծիրին մէջ ֆրանսական Ծերակոյտի լիբանանեւֆրանսական բարեկամութեան յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ` Փարիզա Խայարիի, շարունակեց երկրի գլխաւոր կողմերուն կատարած իր այցելութիւնները:
Պատուիրակութիւնը անջատ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ: Նշենք, որ պատուիրակութիւնը նախապէս այցելած էր նաեւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի:
Այս առիթով պատուիրակութեան նախագահ Փարիզա Խայարի վերահաստատեց Ֆրանսայի հոգածութիւնն ու զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան, կայունութեան եւ բարօրութեան ամրապնդման առնչութեամբ: Պատուիրակութիւնը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` վերակենդանացնելու համար երկրի սահմանադրական կառոյցներուն գործունէութիւնը:
Խայարիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ նաեւ այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:
Խորհրդակցութեանց առանցքները կազմեցին երկրի քաղաքական կառոյցներու վերաշխուժացման եւ բարգաւաճման օժանդակութեան կարելիութիւնները:
Նաեւ` ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրը
Նախարար Պասիլ երէկ նաեւ ընդունեց ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանանի բարգաւաճման եւ սուրիացի գաղթականներու «բեռը» թեթեւցնող քայլերուն մասին:
Մամլոյ Միացեալ Ասուլիս` Քաակի Եւ Լազարինիի Կողմէ.
«Ձեր Ճակատագիրը Դո՛ւք Որոշեցէք»
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ եւ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինի մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տուին` շեշտելով իրենց պատրաստակամութիւնը օժանդակելու Լիբանանին, քաղաքական եւ բարգաւաճման մարզերուն մէջ:
Միւս կողմէ, Քաակ կոչ ուղղեց լիբանանեան տարբեր կողմերու ղեկավարներուն համերաշխաբար գործակցելու եւ հարթելու խոչընդոտները` վերաշխուժացնելու համար երկրի քաղաքական, յատկապէս` սահմանադրական կառոյցները: «Ձեր ճակատագիրը դո՛ւք որոշեցէք», ընդգծեց Քաակ` նշելով, որ ինք մօտ օրէն այս հարցը պիտի արծարծէ նաեւ Ռիատի եւ Թեհրանի ղեկավար շրջանակներուն հետ: