Երկրի քաղաքական բեմին վրայ պարզուող կեցուածքներու մակընթացութիւններուն զուգահեռ, քաղաքացիական մէկէ աւելի շարժումներ սկսան ահազանգ հնչեցնել ընկերային-տնտեսական, կրթական եւ կենսոլորտային պահանջատիրական պիտակներով:
Արդարեւ, քաղաքական հիմնահարցերու, յատկապէս` նախագահական ընտրութեան նիստին, կառավարութեան եւ Ազգային երկխօսութեան նիստերու վերաշխուժացման առումով ճիգեր կը տարուին բացայայտ եւ յատկապէս քուլիսային մակարդակներով` հետզհետէ բիւրեղացնելով սպասուող անակնկալներու առեղծուածը:
Այս իմաստով, երէկ ուշագրաւ էր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հանդիպումը Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ Պնաշհիի մէջ, ընկերակցութեամբ` իր գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի եւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:
Հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ Ֆրենժիէի որդին` Թոնի Ֆրենժիէ, նախարար Ռոնի Արայժի եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ, ոմանց համար անակնկալ նախաձեռնութիւն մը նկատուեցաւ Հարիրիի կողմէ, իսկ ուրիշներու համար` տրամաբանական քայլ մը: Արդարեւ, երկարատեւ բացակայութենէ ետք եւ երկրի հրատապ հարցերուն ստեղծած մթնոլորտին լոյսին տակ բնական, տրամաբանական քայլ մըն էր Հարիրի-Ֆրենժիէ հանդիպումը, որ կու գայ երկրի գլխաւոր կողմերու ղեկավարութիւններուն հետ Հարիրիի ծրագրած խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ:
Այս գծով սակայն պէտք չէ մտահան ընել երկու կէտ: Նախ Սէուտական Արաբիոյ անկախութեան տօնին առիթով Պէյրութի մէջ սէուտցի դեսպանին կատարած թանկագին «թելադրանքը», թէ Ռիատ «վեթօ» չունի նախագահական ոեւէ թեկնածուի դէմ եւ թէ լիբանանցիք իրենք իրենց միջեւ պէտք է նախ համաձայնին իրենց դիմագրաւած հրատապ հարցերուն լուծման համար: Երկրորդ` ներքին գործոց նախկին նախարար Մարուան Շարպելի վերջերս կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ զօր. Աունի ընտրութեան համար անհրաժեշտ է, որ Սաատ Հարիրի նախ խորհրդակցի Սլէյման Ֆրենժիէի, Նեպիհ Պըրրիի, Սամիր Ժահժահի, Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Ամին Ժեմայէլի հետ: Իսկ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներուն կարծիքով` նախկին վարչապետի Պնաշհի կատարած այս այցելութիւնը կ՛իյնայ երկրի ղեկավար դէմքերուն հետ (ինչպէս` Ուալիտ Ժոմպլաթ, Նեպիհ Պըրրի, Սամիր Ժահժահ եւ այլն) իր ծրագրած տեսակցութիւններու ծիրին մէջ:
Յառաջիկայ օրերը, եթէ ոչ ժամերը, պիտի «յստակացնեն», թէ այս այցելութեանց յայտագիրը ծրագրուա՞ծ էր, թէ անակնկալ զուգադիպութիւն…
Այսուհանդերձ, այս այցելութիւնը ինքնի՛ն, յատկապէս ներկայ հանգրուանին, կարեւոր քայլ կը նկատուի, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք անոր զուգահեռ կատարուող քայլերը, ինչպէս` երէկ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի տուած անակնկալ այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի Պէյրութ վերադարձը երէկ գիշեր: Նմանապէս ուշագրաւ են այն «անպաշտօն տեղեկութիւնները», ըստ որոնց, Հարիրի Հըզպալլային տեղեկացուցած է, թէ ինք վճռած է Աունի թեկնածութեան ի նպաստ «շարժիլ»: Դարձեալ նոյն ծիրին մէջ կարելի է ընկալել աունական ղեկավարներէն Զիատ Ասուատի այն յայտարարութիւնը, թէ «դրական ազդանշաններ հասած են իրենց, եւ թէ կացութիւնը կ՛ընթանայ զօր. Աունի ընտրութեան ուղղութեամբ, եթէ ոչ այս նիստին, ապա` յառաջիկայ նիստին»: Նմանապէս, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեց զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի, որուն հետ խորհրդակցութիւնները ի միջի այլոց նաեւ ընդգրկեցին նախագահական հարցին նորագոյն ծալքերը:
Միւս կողմէ, իմացուեցաւ, թէ զօր. Միշել Աուն կտրուկ կերպով մերժած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած «ամբողջական ծրար»-ը ըստ որուն նախագահ պիտի ընտրուի զօր. Ժան Քահուաժի, իսկ ներքին գործոց նախարար նշանակուի Ժըպրան Պասիլ եւ Աունի մօտիկ անձնաւորութեան մը պիտի վստահուի բանակին հրամանատարութիւնը: Այս առնչութեամբ նախկին նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենք կը հետեւին բոլոր զարգացումներուն, միաժամանակ կը շարունակեն իրենց զօրաշարժի քայլերը` սպասելով «զերօ ժամկէտ»-ի ազդանշանին, զօր. Աունի կողմէ:
Պահանջատիրական Ելոյթները` Դրան Սեմին
Քաղաքական այս մթնոլորտին մէջ, յատկապէս վերամուտի սեմին ընկերային-տնտեսական բողոքի ելոյթները կրկին ահազանգ հնչեցնելու սկսան երէկ` սպառնալով սաստկացնել իրենց քայլերը տիրող կացութեան շարունակման եւ պատկան վարիչներու անտարբերութեան պարագային:
Այս իմաստով Աքուրայի երկրագործներէն խումբ մը երէկ առաւօտ որոշ ժամանակով փակեց Ժիպէյլի մայրուղին` պահանջելով անմիջական լուծում գտնել խնձորի բերքի վաճառման հարցին: Անոնք վերաբացին ճամբան վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի հետ հանդիպումի կայացման խոստում ստանալէ ետք միայն:
Այս առնչութեամբ նախարար Շեհայէպ հրամանագիրով մը պահանջեց նախապէս գրաւոր արտօնութիւն ապահովել նախարարութենէն սառած գետնախնձորի, տանձի եւ խնձորի ներածման պարագային: Շեհայէպ նաեւ պանդոկներէն պահանջեց զօրակցիլ խնձորի բերքի սպառման` իւրաքանչիւր այցելուի մէկ խնձոր հիւրասիրելով:
Նաեւ` Կրթական Եւ Երթեւեկի Մարզերը
Իր կարգին, սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ երէկ յայտարարեց, որ այս երեկոյ «խաղաղ» հաւաք մը պիտի կազմակերպուի` ճշդելու համար յայտագիրը յառաջիկայ քայլերուն, որոնց սկիզբը կը նախատեսուի հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն, խորհրդարանի նստաշրջանի գումարման ընթացքին:
Նմանապէս, բողոքի ելոյթ մը պիտի կազմակերպուի պահանջելով վերջ տալ երկրի քաղաքական տեղքայլի մթնոլորտին եւ փտածութեան` ապրուստի տարրական կարիքներու հոգացման նպատակով:
Իսկ երթեւեկի, հանրային սպասարկութեանց փոխադրակառքերու մարզը իր կարգին վաղը առաւօտուն ժամը 7:00-էն սկսեալ քանի մը ժամով «խաղաղ» նստացոյց եւ հաւաքներ պիտի կազմակերպէ յատկապէս ինքնաշարժի մեքանիքի վճարման կեդրոնին, Տըքուանէի Նեֆաային, Թրիփոլիի եւ Զահրանիի կեդրոններուն առջեւ: