Անջատ Բանավէճերու Մթնոլորտին Մէջ. Քաղաքական Սպասողական Վիճակ` Ներքին Եւ Արտաքին Լուծման Ճիգերու
Նախագահական թափուր աթոռի երկարատեւ «օրօրումէն» ետք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մագոգային հանդիպումները լիբանանեան թէ արտաքին կողմերուն միջեւ որոշ խանդավառութիւն ստեղծած էին նախագահական թնճուկի մօտալուտ լուծման գծով: Այս գծով քաղաքական մեկնաբան Նեպիհ Պըրժի ձայնասփռուած յայտարարութեամբ յայտնեց, որ Հարիրի նախագահական թղթածրարի լուծման երեք չորրորդ ուղին «կտրած» է, եւ աջէն ու ձախէն արձակուող հակասական տեսակէտները պարզապէս ժամանակի վատնում են` հասնելու համար 31 հոկտեմբերի...



















