Լիբանանեան

Հովանաւորութեամբ Նախարար Արթիւր Նազարեանի.  Պէյրութի Ուժանիւթի Միջազգային 7-րդ Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ Յուշանուէրներու Բաշխումով

Հովանաւորութեամբ Նախարար Արթիւր Նազարեանի. Պէյրութի Ուժանիւթի Միջազգային 7-րդ Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ Յուշանուէրներու Բաշխումով

«Ուժանիւթի նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ զարգացնելու ուժանիւթի մարզը եւ ելեկտրական ցանցին միացումը` իբրեւ առաջնակարգ օգտուող», յայտարարեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, երէկ Տըպպայէի «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ, «Պէյրութի ուժանիւթի միջազգային 7-րդ խորհրդաժողով»-ի աւարտին: Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ նախարար Նազարեան նշեց, որ նախարարութիւնը իր ճիգերը կը համակարգէ պատկան կողմերուն հետ եւ թէ թեքնիք մասնագիտական յանձնախումբ...

Քահուաժի. «Բանակը Ամբողջական Կարողութիւնը Ունի Դիմակալելու Ահաբեկչութիւնը Եւ Պաշտպանելու Կայունութիւնը»

Քահուաժի. «Բանակը Ամբողջական Կարողութիւնը Ունի Դիմակալելու Ահաբեկչութիւնը Եւ Պաշտպանելու Կայունութիւնը»

«Բանակը կազմ ու պատրաստ է դիմակալելու ամէն տեսակի ահաբեկչական հաւանականութիւն», յայտարարեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Քֆարշիմայի ջոկատին տուած իր այցելութեան ընթացքին: Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ երկրին ապահովութիւնը հակակշիռի տակ է եւ բանակը ամէն ձեւով պատրաստ է պաշտպանելու ու պահպանելու երկրին կայունութիւնը: Խուզարկութիւններ` Պըրժ Պարաժնէի Մէջ Միւս կողմէ, երկիրը ապահովական վտանգաւոր տարրերէ մաքրագործելու միտող իր արշաւին մէջ, բանակային ուժեր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ Զոքաք Պլաթ շրջանին կից շիի աղօթավայրի մը մօտ կասկածելի ինքնաշարժ մը նկատուած է երէկ գիշեր: Յետ խուզարկութեան ի յայտ եկած է, որ անիկա զերծ է պայթուցիկ որեւէ նիւթէ: ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱՄԵԱՅ Ռ. Ապի Ատ անունով ծերունի մը նախանցեալ գիշեր Նաքքաշի մէջ սպաննած է իր փեսան, որ իր կնոջ հետ վիճաբանելէ ետք յարձակած էր իր աներոջ վրայ: Ապի Ատ վախցնելու համար իր...

Աունականներու Զօրաշարժի  Քայլերուն Լոյսին Տակ.  Երկրի Պատասխանատուները Կը Փորձեն Ամրապնդել Լիբանանի Քաղաքական,  Ապահովական Եւ Տնտեսական Կայունութիւնը

Աունականներու Զօրաշարժի Քայլերուն Լոյսին Տակ. Երկրի Պատասխանատուները Կը Փորձեն Ամրապնդել Լիբանանի Քաղաքական, Ապահովական Եւ Տնտեսական Կայունութիւնը

Այն միջոցին, երբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներ եւ համակիրներ կը պատրաստուին «զերօ ժամկէտ»-ին, երկրի պատասխանատուներուն խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարեփոխման եւ կայունութեան ճիգերուն վրայ` տեղական թէ միջազգային առումով: Արդարեւ, վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ, նախքան իր Պէյրութ վերադարձը, ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին ամպիոնէն ուղղեց Լիբանանի խօսքը: Սալամ միջազգային այդ հարթակէն կոչ ուղղեց Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն` օժանդակելու եւ...

Զգուշաւոր Հանդարտութիւն` Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

Զգուշաւոր Հանդարտութիւն` Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

Երէկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ հետզհետէ զգուշաւոր հանդարտութիւնը տիրական դարձաւ անցնող օրերու զինարձակումէն եւ բանակին ձեռնարկած ապահովական գործողութենէն ետք: Արդարեւ, նախանցեալ օր պաղեստինցի Սիմոն Թահայի սպանութիւնը Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ եւ անոր հետեւած զինարձակումները եկած էին անուղղակի պատգամ մը փոխանցելու, թէ հակառակ նախկին յանցագործներու պետութեան յանձնումի քայլերուն` իբրեւ նախապատրաստութիւն գաղթակայանը ապահովական կայուն ու անդորր վայրի վերածելու, նշեալ դէպքերը կու...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Նկատեց Երկխօսութեան Վերակենդանացումը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Նկատեց Երկխօսութեան Վերակենդանացումը

«Քաղաքական պատկան ուժերը պարտին վերաշխուժացնել երկրին սահմանադրական բոլոր կառոյցներուն գործունէութիւնը եւ դրական նախանձախնդրութեամբ յաւելեալ լուրջ ճիգեր տանի` հարթելու համար բոլոր արգելքները եւ խոչընդոտները», յայտարարեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի հաղորդագրութիւնը երէկ: Երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, որ կարդաց հաղորդագրութիւնը, յայտնեց, որ պլոքը, նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, շաբաթական իր հերթական նիստին քննած է երկրին ընդհանուր իրավիճակը, վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ: Ժողովականները այս առիթով անհրաժեշտ նկատեցին...

Ինքնաշարժ Վարելու Կենսաչափական  Արտօնագիր` Ներկայիս  Գործածուող Արտօնագիրին Փոխարէն

Ինքնաշարժ Վարելու Կենսաչափական Արտօնագիր` Ներկայիս Գործածուող Արտօնագիրին Փոխարէն

Լիբանանեան Ազգային լրատուական գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ պետական պատկան կողմերը սկսած են ինքնաշարժ վարելու ընթացիկ արտօնագիրները փոխարինել կենսաչափական նոր արտօնագիրներով: Երթեւեկի սպասարկութեանց խորհուրդի նախագահ Հուտա Սալլում պատկերասփռուած յայտարարութեամբ յայտնեց, որ մօտերս ընթացք պիտի առնեն ներկայիս գործածուող ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրները կենսաչափական նոր արտօնագիրով փոխարինելու քայլերը: Իւրաքանչիւր նոր արտօնագիր կ՛արժէ 38 հազար լիբ. ոսկի:

Ներքին Թէ Արտաքին Ճակատներու Վրայ.  Երկիրը Քաղաքական Անել Կացութենէն Փրկելու Ճիգերը Կը Շարունակուին

Ներքին Թէ Արտաքին Ճակատներու Վրայ. Երկիրը Քաղաքական Անել Կացութենէն Փրկելու Ճիգերը Կը Շարունակուին

Այն միջոցին, երբ մտավախութիւնները կը շեշտուին յառաջիկայ օրերուն երկրի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի վատթարացման առնչութեամբ, յայտարարուող բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ, անդին կացութիւնը փրկելու միտող ճիգերը թափ առած են ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ: Արդարեւ, հակառակ այն վարկածին, թէ գոյութիւն ունեցող հարցերը լիբանանեան, տեղական միջոցներով պէտք է լուծել, այսուհանդերձ վարչապետ Թամամ Սալամ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկած է Լիբանանի եւ շրջանի տագնապներուն իրազեկ եւ...

Գաղթականներու Յատուկ Խորհրդաժողովին  Արտասանած Խօսքով,  Վարչապետ Սալամ Շեշտեց Լիբանանի  Եւ Հիւրընկալ Այլ Երկիրներու  Օժանդակութեան Հրամայականը

Գաղթականներու Յատուկ Խորհրդաժողովին Արտասանած Խօսքով, Վարչապետ Սալամ Շեշտեց Լիբանանի Եւ Հիւրընկալ Այլ Երկիրներու Օժանդակութեան Հրամայականը

«Այսօր մեր շրջանները կ՛ընդգրկեն աշխարհի գաղթականներու եւ ապաստանեալներու մեծագոյն թիւը, ինչ որ մեզ դէմ յանդիման կը դնէ գաղթականական այս հոսքի ողբերգական զանազան հետեւանքներուն», յայտարարեց վարչապետ Թամմամ Սալամ` երէկ Նիւ Եորքի մէջ «գաղթականներու եւ ապաստանեալներու մեծ շարժումները. միջազգային մարտահրաւէր, շրջանային պատասխաններ, համապարփակ ռազմավարութիւն» խորագրեալ խորհրդաժողովի ընթացքին: Խորհրդաժողովի կազմակերպման կոչ ուղղած էին Լիբանան, Իտալիա, Յորդանան եւ այլ երկիրներ: Իր խօսքին մէջ վարչապետ...

«Նախագահական Ընտրութեան  Հաւանականութիւնը Մեծ Է»  Շեշտեց Ռաատ

Ռաատ. «Մենք Թշնամիին Հետ Մրցակցութեան Մէջ Ենք Մեր Երկրին Պաշտպանութեան Համար»

«Մենք թշնամիին հետ մրցակցութեան մէջ ենք մեր երկրին պաշտպանութեան համար եւ մենք ոչ ոքէ օգնութիւն կը ստանանք, նոյնիսկ արաբ կոչուած մեր եղբայրներէն, որոնք շարունակական տագնապներու մէջ կ՛ապրին, իրենց սին քաղաքականութեան պատճառով», յայտարարեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, երէկ Իքլիմ Թուֆֆահի Քֆարքիլա աւանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին, յայտնապէս իբրեւ թշնամի ակնարկելով Իսրայէլի: «Անհրաժեշտ է, որ դուք ձեր...

Երկրին Ընկերային-Տնտեսական Մարզերը Կը Պատրաստուին Բողոքի Համատարած Քայլերու

Երկրին Ընկերային-Տնտեսական Մարզերը Կը Պատրաստուին Բողոքի Համատարած Քայլերու

Երթեւեկի եւ փոխադրամիջոցներու մարզը երէկ համատարած ընդհանուր ցոյցի դիմեց, եւ Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ այդ մարզին ներկայացուցիչներն ու վարորդները բողոքի ելոյթներ ունեցան` պահանջելով «սրբագրել» մեքանիքի գծով տրուած որոշումն ու երթեւեկի օրէնքներու արդար կիրարկումը: Ցուցարարները սպառնացին իրերու ներկայ դրութեան մէջ կրկին «փողոց իջնել» եւ բողոքել յառաջիկայ հինգշաբթի, 29 սեպտեմբերին: Վերամուտի սեմին կազմակերպուող այս եւ յարակից նմանօրինակ ցոյցեր` տնտեսական, ընկերային թէ կենսոլորտային...

Միքաթի. «Ոչ Ոք Կրնայ  Բեկանել Ազգային Ուխտը»

Միքաթի. «Ոչ Ոք Կրնայ Բեկանել Ազգային Ուխտը»

«Ազգային ուխտի պահպանման նախանձախնդրութիւնը կ՛առաջադրէ խորհրդարան ներկայանալ եւ ընտրել նախագահը, որ ըստ սահմանադրութեան, կը խորհրդանշէ երկրին միասնութեան ոգին», յայտարարեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ` Տիմանի մէջ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ տեսակցելէ ետք: «Ոչ ոք կրնայ բեկանել Ազգային ուխտը, որովհետեւ իբրեւ լիբանանցիներ, մենք իրարու հետ հանդիպեցանք եւ համաձայնեցանք համակեցութեան շուրջ եւ մենք կը շարունակենք այս ուղիով», ընդգծեց Միքաթի:  

Լիբանանեան Բանակին Նկատմամբ  Զօրակցութեան Քայլերուն Ծիրին Մէջ.  Ամերիկացի Զօրավար Տարսի Ռոճըրզ Լիբանան Կ՛այցելէ

Լիբանանեան Բանակին Նկատմամբ Զօրակցութեան Քայլերուն Ծիրին Մէջ. Ամերիկացի Զօրավար Տարսի Ռոճըրզ Լիբանան Կ՛այցելէ

Ամերիկեան կեդրոնական հրամանատարութեան յատուկ ուժերու հրամանատար, զօրավար Տարսի Ռոճըրզ երէկ երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Լիբանան եւ նախ հանդիպում ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկու պետութեանց բանակներուն միջեւ գործակցութեան քայլերը, յատկապէս լիբանանեան բանակի յատուկ ուժերու ռազմափորձերը եւ արդիական սարքերով զինումի ճիգերը: Խոստացուած ամերիկեան օժանդակութեան ծիրին մէջ առնուող այս քայլերը կու գան վերահաստատելու ամերիկեան զօրակցութիւնը:

Բողոքելով Կրկնուող  Սպանութիւններուն Դէմ`  Ընդհանուր Ցոյց` Այն Հըլուէ  Գաղթակայանին Մէջ

Բողոքելով Կրկնուող Սպանութիւններուն Դէմ` Ընդհանուր Ցոյց` Այն Հըլուէ Գաղթակայանին Մէջ

Երէկ երկրորդ օրն ըլլալով` Սայտայի պաղեստինեան Այն Հըլուէ գաղթակայանին մէջ կրթական եւ առեւտրական հաստատութիւնները փակ մնացին, իբրեւ բողոք գաղթակայանին մէջ կրկնուող սպանութեանց դէպքերուն, «որոնք կը միտին հարուածել գաղթակայանի անդորրութիւնը»: Նշենք, որ վերջին 48 ժամերուն պաղեստինցի Սիմոն Թահ անունով երիտասարդը սպաննուեցաւ գաղթակայանի վերին թաղամասին մէջ` խորհրդաւոր պայմաններու մէջ: Զոհին ընտանիքը մերժեց ցաւակցութիւն ընդունիլ, մինչեւ որ ոճիրին խորհրդաւոր ծալքերն ու հեղինակները քողազերծուին:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի: Այս առիթով Ուահապ դրուատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ յարակից տեղեկահաւաքի բաժանմունքին ճիգերը` ահաբեկչութեան դիմակալման աշխատանքին մէջ: ՀՍԿԱՅ հրդեհ մը ծագեցաւ երէկ Համրայի «Պարպար» ճաշարանին մէջ` պատճառելով նիւթական վնասներ: Միւս կողմէ, անմիջական բուժօգնութեան ութ ինքնաշարժներ եւ հրշէջներ մասնակցեցան Տէյր Հարըֆի եւ...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ծիրին Մէջ  Քուլիսային Թէ Պաշտօնական Հանդիպումներով.  Լիբանանի Քաղաքական Ընտրանին Միջազգային  Ընտանիքին Ուշադրութիւնը Կը Հրաւիրէ  Լիբանանը Կրծող Տագնապներուն Վրայ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ծիրին Մէջ Քուլիսային Թէ Պաշտօնական Հանդիպումներով. Լիբանանի Քաղաքական Ընտրանին Միջազգային Ընտանիքին Ուշադրութիւնը Կը Հրաւիրէ Լիբանանը Կրծող Տագնապներուն Վրայ

ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ, Լիբանանի քաղաքական ընտրանիէն ղեկավար տարրեր, իրենց քուլիսային թէ պաշտօնական հանդիպումներով, երէկ յաջորդաբար երրորդ օրն ըլլալով միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Լիբանանի ոչ նախանձելի կացութեան վրայ: Արդարեւ, վարչապետ Թամմամ Սալամ միջազգային բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումներու ծիրին մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Նախապէս Սալամ տեսակցած էր Աւստրիոյ վարչապետ Քրիսթիան Քեռնի, Եւրոպական...

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա  Երկխօսութեան Է. Նիստ

Երկրի Հրատապ Հարցերուն Լուծման Առաջադրանքով` Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Համաձայնեցան Շարունակելու Իրենց Երկխօսութեան Նիստերը

Հովանաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ Հըզպալլա - Մուսթաքպալ երկխօսութեան 34-րդ նիստը, որուն կը մասնակցէին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հաժ Հիւսէյն Խալիլ, նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ երեսփոխան Հասան Ֆատլլալա, իսկ Մուսթաքպալի կողմէ` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ երեսփոխան Սամիր Ժըսր: Ժողովին ներկայ էր նաեւ...

Ուժանիւթի Մարզի Բարգաւաճման  Ծիրին Մէջ.  Ուժանիւթի Արհեստագիտութեանց Վարժողական Հարթակի Հիմնարկէք

Ուժանիւթի Մարզի Բարգաւաճման Ծիրին Մէջ. Ուժանիւթի Արհեստագիտութեանց Վարժողական Հարթակի Հիմնարկէք

«Արեգակնային ուժանիւթի արհեստագիտութեանց եւ յարակից սարքերու օգտագործման վերաբերեալ վարժողական այս հարթակը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց ֆրանսական «Ֆազեփ» յայտագիրի նիւթական նպաստին», յայտարարեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, Ճարտարարուեստական հետազօտութեանց հիմնարկին մէջ կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին: Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմմանուէլ Պոնի եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութեանց ներկայութեան արտասանած իր խօսքին մէջ, նախարար Նազարեան Լիբանանի...

Երթեւեկի Հանրային Սպասարկութեանց Ինքնաշարժներու Վարիչները Կոչ Ուղղեցին Համատարած Ցոյցի

Երթեւեկի Հանրային Սպասարկութեանց Ինքնաշարժներու Վարիչները Կոչ Ուղղեցին Համատարած Ցոյցի

Փոխադրամիջոցներու սենտիքաներու եւ երթեւեկի հանրային ինքնաշարժներու, մինի պասերու եւ փոխադրակառքերու վարորդներու ներկայացուցիչներ երէկ կոչ ուղղեցին համատարած ցոյցեր կատարելու լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ` իբրեւ բողոք ինքնաշարժ վարելու ցուցմունքներու սխալ գործածութեան եւ այս առնչութեամբ անհիմն տուգանքներու տնօրինման` վարորդներու «սխալ» քայլերուն համար: Անոնք նաեւ պահանջեցին յետս կոչել մեքանիքի գծով որդեգրուած վերջին որոշումը:

Քանաան. «Այժմու Իրավիճակի Երկարաձգումը  Տագնապի Երկարաձգում Է, Իսկ Ազգային  Ուխտի Ջնջումը Համազօր Է Լիբանանի Ջնջումին»

Քանաան. «Այժմու Իրավիճակի Երկարաձգումը Տագնապի Երկարաձգում Է, Իսկ Ազգային Ուխտի Ջնջումը Համազօր Է Լիբանանի Ջնջումին»

«Անգամ մը, որ փողոց իջնենք, ետդարձ չկայ, մինչեւ մեր պահանջներուն իրագործումը», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ համախմբումի հերթական նիստի աւարտին: «Ազգային ուխտի պահանջման ճիգերու ջնջումը համազօր է Լիբանանի ջնջումին, իսկ ներկայ իրադրութեան երկարաձգումը պիտի երկարաձգէ տիրող տագնապը», ընդգծեց Քանաան` վերահաստատելով 28 սեպտեմբերէն սկսեալ «փողոց իջնելու» պլոքի որոշումը:

Page 798 of 986 1 … 797 798 799 … 986

Արխիւներ