Նախագահական ընտրութեան 45-րդ նիստի նախօրեակին, երէկ խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան մէկէ աւելի ուղղութիւններով: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց նախագահական երկու բացայայտ թեկնածուներու` զօր. Միշել Աունի եւ երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ «մրցակցութեան» տարողութիւնը, յատկապէս` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ձեռնարկած հանդիպումներուն լոյսին տակ:
Արդարեւ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները եւ այս ծիրին մէջ տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Նախքան այդ, Հարիրի նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի հերթական ժողովին, որուն հրապարակած հաղորդագրութիւնը ոչ մէկ նորութիւն աւելցուց Մուսթաքպալի հակաաունական կեցուածքին վրայ:
Նմանապէս, Պնաշյիի մէջ տեղի ունեցած նախանցեալ գիշերուան հանդիպումը շօշափելի նորութիւն չարձանագրեց: Միակ հաստատ կեցուածքը այն էր, որ Հարիրի Մուսթաքպալ պլոքին փոխանցած է, որ եկած է շարժելու նախագահական տեղքայլի մէջ գտնուող թղթածրարը:
Իսկ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի մագոգային այցելութիւնները Ռիատի, վարչապետարանի եւ Այն Թինէի միջեւ դարձեալ առանց յայտարարութեան ընթացան:
Սակայն տողերու միջեւ ընթերցումը նշեալ խորհրդակցութեանց արդիւնքներուն խորհրդաւոր լռութեան մէջ, դուռ կը բանայ որոշ վերլուծումներու եւ մեկնաբանութեանց, ըստ որոնց, ի նպաստ զօր. Աունի շրջադարձ մը կը խմորուի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքին մէջ: Վերջինս սակայն կը փորձէ առաւելագոյն երաշխիքներ ձեռք ձգել, յատկապէս նախագահի ընտրութեան յաջորդող փուլի կարգաւորումներուն առնչութեամբ:
Այլ խօսքով, նախագահական ընտրութեան հարցը խաղաքարտ մըն է, որուն միջոցով Հարիրի, ինչպէս նաեւ տեղական թէ արտաքին այլ կողմեր կ՛ուզեն սակարկել իրենց պահանջները:
Փաստօրէն գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի քաղաքական բեմի հոլովոյթը որոշ տարողութեամբ կախեալ է արտաքին, յատկապէս շրջանային իրադարձութեանց սլաքի ուղղութենէն: Այլ խօսքով, արտաքին որոշ կողմեր տակաւին կարող են ու կը փորձեն իրենց քաղաքական եւ ապահովական ռազմավարութեանց փորձադաշտը դարձնել լիբանանեան հրապարակը: Ա՛յս դիտանկիւնէն պէտք է ըմբռնել վերջերս պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ լիբանանեան բանակին կողմէ ձերբակալուած «ՏԱՀԵՇ-ի Էմիր» Իմատ Եասինի խոստովանութիւնները, որոնց ընդմէջէն ի յայտ կու գայ, որ ան ի միջի այլոց նաեւ կը ծրագրէր ահաբեկել նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, բռնկեցնելու համար առանց այդ ալ լարուած մթնոլորտի մէջ խարխափող սիւննի-շիի յարաբերութիւնները: Հոսկէ` այն եզրայանգումը, թէ նախագահի ընտրութեան հարցին վճռումը միայն Հարիրիէն կախեալ չէ:
Խորքին մէջ Լիբանանի գրեթէ բոլոր նախագահներու ճակատագիրը վերջին տասնամեակներուն, վճռուած է արտասահմանեան մայրաքաղաքներու մէջ, 1989-ին Թաէֆէն մինչեւ 2007-ին Տոհայի համաձայնագիրը:
Առ այդ, կը նախատեսուի, որ Հարիրի շարունակէ եւ նոյնիսկ ընդլայնէ իր խորհրդակցութիւններուն ծիրը, յարմար ենթահողը պատրաստելու համար Լիբանանի կայունութեան եւ անդորրութեան նախանձախնդիր արտաքին կողմերուն, որոնք կանաչ լոյս պիտի տան նախագահի ընտրութեան թնճուկի հարթումին:
Կեցուածքներու սակարանին մէջ, այն միջոցին, երբ երկու թեկնածուները վճռական կը մնան Պաապտա «հասնելու» իրենց ընտրանքին մէջ, կողմերու կեցուածքները հետզհետէ հող կը շահին ի նպաստ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցութեան:
Այս իմաստով Մուսթաքպալի պլոքը գէթ իր հաղորդագրութեամբ խուսափեցաւ վճռականօրէն ճշդել Աունի կամ Ֆրենժիէի ի նպաստ զօրակցութեան իր ընտրանքը, երբ տակաւին մօտիկ անցեալին բացարձակօրէն կը վճռէր Ֆրենժիէի թեկնածութեան որդեգրումը:
Նոյն ծիրին մէջ պէտք է տեսնել աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի յայտարարութիւնը, թէ` «վարչապետ Սալամի համար նախընտրելի է ընդառաջել Ազգային ազատ հոսանքին», ուշագրաւ կարեւորութիւն կը ստանայ, յատկապէս եթէ նկատի առնուի անոր քաղաքական պատկանելիութեան ենթահողը, որուն դէմ ան ծառացած էր վերջերս` մերժելով հրաժարիլ կառավարութենէն: Քազզի իր յստակ զօրակցութիւնը յայտնած է ի նպաստ Աունի: Նմանապէս, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, երէկ կատարած իր յայտարարութեամբ «հիմնական քայլ» նկատեց զօր. Միշել Աունի նախագահական թեկնածութիւնը:
Նմանապէս, լիբանանեան գլխաւոր մէկ այլ կողմի` Հըզպալլայի կեցուածքը հակառակ բոլոր մեկնաբանութիւններուն, թէ «Հըզպալլա լուրջ չէ ի նպաստ Աունի իր զօրակցութեան», երէկ վերահաստատեց իր կեցուածքը` շեշտելով նախագահական ընտրութեան հարցին հարթումը` իբրեւ նախաքայլ երկրի այլ հրատապ հարցերու լուծման:
Այս առնչութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ վերահաստատեց Հըզպալլայի` ի նպաստ զօր. Աունի կեցուածքը` ընդգծելով, որ Հըզպալլա իր կարելին ըրած է ու կ՛ընէ Լիբանանը հեռու պահելու եւ չմխրճելու քաղաքական արտաքին կեցուածքներու ժխտական անդրադարձներուն մէջ:
Նոյն իմաստով, ի նպաստ զօր. Աունի զօրակցական կեցուածք դրսեւորեց նաեւ Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը` միաժամանակ դրուատելով բանակի ճիգերը երկրի ապահովութեան ու անդորրութեան ամրապնդման առնչութեամբ:
Ի նպաստ Աունի զօրակցական կեցուածքներուն կամ ազդանշաններուն կ՛աւելնան նաեւ քուէյթեան «Ռայ», «Անպա» եւ «Ժարիտա» թերթերը, ըստ որոնց, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «սեղանի վրայ դրած է» ի նպաստ զօր. Աունի թեկնածութեան իր ընտրանքը: