Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Նիստը Յետաձգուեցաւ 31 Հոկտեմբերին. Սակայն Ճիգերը Կը Շարունակուին` Կեդրոնանալով Ամբողջական Թղթածրարին Վրայ

September 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս 2014-էն ի վեր ձգձգուող նախագահական ընտրութիւնը երէկ դարձեալ յետաձգուեցաւ հինգ շաբաթով: Արդարեւ, 52 երեսփոխաններու ներկայութեան, օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յետաձգեց նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը 31 հոկտեմբերին: Սակայն Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, ան տրամադիր է նիստին թուականը փոխել, անմիջապէս որ համախոհութիւն գոյանայ նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ: Մինչ այդ, ճիգերը շարունակուեցան հարթելու համար նախագահական ընտրութեան ժամկէտին իրագործումը արգելակող խոչընդոտները:

Այս ծիրին մէջ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները` այցելութիւն տալով Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլին` Սայֆիի կեդրոնատեղիին մէջ: Հարիրի ապա ուղղուեցաւ Պիքֆայա` նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի մօտ, իսկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր տան մէջ ընդունեց երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը:

Նախագահական նիստի յետաձգման առնչութեամբ երէկ կրկին թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններ ու վերլուծումներ եղան, ըստ իւրաքանչիւր կողմի քաղաքական արեւելումին:

Հակառակ անոր որ կատարուած խորհրդակցութեանց արդիւնքներուն մասին յայտարարութիւններ չեղան, սակայն իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով` խորհրդակցութեանց առանցքները կազմեցին նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու յատկապէս առնչակից ամբողջական թղթածրարը: Այլ խօսքով` պատկան կողմերու վերապահութիւնը կը մեկնի առաւելաբար յետընտրութեան փուլի իրենց քաղաքական ակնկալութեանց վերաբերող կեցուածքներէն, ինչպէս օրինակ` ընտրական նոր օրէնքը, ուժային պաշտօնները (ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններ, ուժանիւթի եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններ, ապահովական զգայուն պաշտօններ…): Նմանապէս` հարցական է նոր նախագահի պաշտօնավարութեան շրջանին կառավարութեան եւ առհասարակ իշխանութեան որդեգրելիք քաղաքական արեւելումի հարցը:

Կեցուածքներ

Նախագահական ընտրութեան երէկուան նիստը թէեւ նախորդներուն նման յետաձգուեցաւ, սակայն որոշ կեցուածքներ զանազանեցին զայն` իբրեւ դրական հանգրուանի մը նախաքայլը: Փաստօրէն, հակառակ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած ցնցիչ յայտարարութեան, թէ` Հարիրի ի նպաստ Աունի քուէարկելով, «պիտի քաղէ այն, ինչ որ 1988-ին պատահեցաւ, երբ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ իշխանութիւնը զօրավար Միշել Աունին փոխանցեց», երեկոյեան մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի պատկերասփռուած յայտարարութեամբ նշեց, որ ընդհանուր համախոհութեան պարագային Սլէյման Ֆրենժիէ յետս կը կոչէ իր թեկնածութիւնը:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր կարգին ընդգծեց, որ քուլիսային լուրջ ճիգեր կը տարուին նախագահական ընտրութեան հարցին լուծման առնչութեամբ` միաժամանակ հաստատելով, որ ապահովական վիճակը հակակշիռի տակ է:

Երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ զօր. Միշել Աուն կը ներկայացնէ քրիստոնէական մեծ ներկայացուցչութիւն եւ ոչ մէկ արգելք կայ անոր թեկնածութեան գծով:

Երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ ըսաւ. «Յստակ է, որ Հարիրի վճռած է ի նպաստ Աունի շարժիլ եւ իր խորհրդակցութիւնները կ՛ընթանան այդ ուղղութեամբ»:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ անդրադառնալով ի  նպաստ զօր. Աունի ընտրութեան պարագային խորհրդարանի նախագահի գլխաւորած պլոքի երեսփոխաններուն բացակայութեան հաւանականութեան մասին լուրերուն, ըսաւ. «Մենք որեւէ ատեն նիստերէն չենք բացակայած»:

Լիբանանեան ուժերու կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա վեթօ չունի ոեւէ թեկնածուի նկատմամբ: «Կարեւորը այն է, որ նորընտիր նախագահը գործէ ըստ սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն»:

Նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտարարեց, որ զօր. Աունի հետ կապերը չեն խզուած եւ կը շարունակուին:

Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ զօր. Աուն նախագահ ընտրուելու պարագային վստահ, որ պիտի գործէ ըստ սահմանադրութեան յօդուածներուն:

Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ վերահաստատեցին, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի միջեւ հանդիպում տեղի ունեցած է Փարիզի մէջ, ուր խորհրդակցութիւնները ընդգրկած են նաեւ զօր. Աունի ընտրութեան յաջորդող փուլին գլխաւոր կէտերը` հասնելով մինչեւ նախարարական պաշտօններու բաժանման դասաւորումը:

Երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ թէեւ 45-րդ նիստին ընտրութիւն տեղի չունեցաւ, սակայն անիկա վստահ պիտի կատարուի 47-րդ նիստին:

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքի անդամ, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ յայտնեց, որ տակաւին երկար պիտի տեւէ նախագահական հարցին վճռումը, այնքան ատեն որ շրջանային պայմանները չեն արտօներ:

 

Նախորդը

Եւրոպական Քաղաքական Եւ Բարգաւաճման Զօրակցութիւն Լիբանանի

Յաջորդը

Մէօնշընկլատպախ Երկարաձգեց Շուպերթի Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.