Սէուտցի Պատուիրակ Սամեր Սապհան Աւարտեց Լիբանան Կատարած Իր Այցելութիւնը Եւ Մեկնեցաւ Գահիրէ
Ծոցի երկիրներու հարցերու Սէուտական Արաբիոյ պետական նախարար Սամեր Սապհան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիի, շաբաթավերջին շարունակեց լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ հոգեւոր պետերուն իր կատարած այցելութիւնները, որոնց ընթացքին քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները: Սապհան այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Սապհան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մարատա...



















