Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Յատկացուած Խորհրդարանի Նիստին Օրինաթիւը Խախտելու Միտումներ Չկան»

October 28, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_102716

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2016-ին ինք պիտի նախագահէ նախագահական ընտրութեան յատկացուած խորհրդարանի նիստին, որուն ընթացքին ընտրութիւնը կրնայ երկու փուլերով կատարուիլ: Առաջին փուլ, որուն ընթացքին թեկնածուն կը յաղթէ խորհրդարանի երկու երրորդին քուէները ստանալով, իսկ եթէ ան առաջին փուլին չյաղթէ, երկրորդ փուլին կը յաղթէ խորհրդարանի անդամներուն 65-ին քուէները ստանալու պարագային:

Պըրրի հաստատեց նաեւ, որ ընտրութեան երկու փուլերուն պարագային օրինաթիւը երկու երրորդ է, այլապէս նախագահական ընտրութիւն չի կատարուիր:

«Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին օրինաթիւը խախտելու միտումներ չկան», ըսաւ Պըրրի` նշելով, որ ինք իր նախագահած երեսփոխանական պլոքին ընկերակցութեամբ ներկայ պիտի գտնուի խորհրդարանի նիստին:

Պըրրի ընդգծեց, որ ինք կը փափաքի նախագահական ընտրութիւնը կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ անցնիլ աւելի լուրջ հարցերու, որոնց շրջագիծին մէջ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ ընտրական նոր օրէնքի մշակումին:

Պըրրի մտահոգութիւն յայտնեց յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ճակատագիրին առնչութեամբ` նկատի ունենալով, որ այդ ընտրութիւններուն թուականը մօտալուտ է` վեց ամիս ետք: «Այսինքն, եթէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յապաղի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնը գտնուի ընթացաւարտ կառավարութեան աշխատանքներու կարգավիճակին մէջ եւ կարելի չըլլայ ընտրական օրէնքի մը յանգիլ, անկարելի է ընդունիլ, որ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը դարձեալ երկարաձգուի: Լիբանան այդ քայլին չի կրնար հանդուրժել», ըսաւ Պըրրի:

Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ երկիրը կրնայ նախագահական թափուր դրութենէն դուրս գալ եւ մուտք գործել դէպի անիշխանութիւն, երբ նախարարաց խորհուրդի կազմութիւնն ու խորհրդարանական ընտրութիւնները անկարելի դառնան:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Պըրրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան նկատմամբ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի քայլը մեկնաբանելու համար տակաւին կանուխ է` աւելցնելով, որ իր եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները խանգարելու առումով ի գործ դրուած ճիգերը անիմաստ են եւ ապարդիւն դուրս պիտի գան:

Սէուտցի պատուիրակի մը Լիբանան այցելութեան եւ իրեն հետ հանդիպումին ակնարկող հարցումի մը պատասխանելով Պըրրի ըսաւ. «Ո՛վ որ կը փափաքի հետս հանդիպիլ, բարի եկած է: Իսկ եթէ ոմանք կը փորձեն զիս համոզել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին զօրակցելու իմաստով, ապա անոնք պէտք է նախ եւ առաջ իրենք համոզուին եւ ապա այցելեն ինծի»:

 

Նախորդը

Ժահժահ Պասիլի Եւ Քանաանի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Սէուտցի Պատուիրակ` Նախարար Սապհան Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.