Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտցի Պատուիրակ Սամեր Սապհան Աւարտեց Լիբանան Կատարած Իր Այցելութիւնը Եւ Մեկնեցաւ Գահիրէ

October 31, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_sabhan_103016

Ծոցի երկիրներու հարցերու Սէուտական Արաբիոյ պետական նախարար Սամեր Սապհան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան

գործավար Ուալիտ Պուխարիի, շաբաթավերջին շարունակեց լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ հոգեւոր պետերուն իր կատարած այցելութիւնները, որոնց ընթացքին քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Սապհան այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Սապհան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, ներկայութեամբ` մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժիի, նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի, իրաւաբան Եուսեֆ Ֆընիանոսի եւ Թոնի Ֆրենժիէի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ մէկ ժամ տեւած  հանդիպումի մը ընթացքին Սապհան քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Սապհան այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի:

Հարպ – Սապհան հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային ազատականներ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն եւ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ:

Սէուտցի պատուիրակը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Սապհան այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որ դրուատեց Լիբանանի հետ Սէուտական Արաբիոյ պատմական յարաբերութիւնները` հաստատելով, որ լիբանանցիները միշտ շնորհակալ պիտի մնան Լիբանանին զօրակցելու իմաստով Ռիատի որդեգրած քաղաքականութեան:

Սապհան այցելեց նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի:

Նշենք, որ շաբաթ երեկոյեան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ սէուտցի նախարարին:

Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք:

Աւարտելէ ետք Լիբանանի մէջ կատարած իր այցելութիւնները` Սապհան երէկ երեկոյեան անձնական օդանաւով մը մեկնեցաւ Գահիրէ:

Պէտք է աւելցնել, որ «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, Սապհան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին անոր փոխանցած է, թէ նախագահ ընտրուելէ ետք ինք մօտիկ ապագային պիտի հրաւիրուի Ռիատ:

Նոյն օրաթերթը գրած է, թէ զօր. Աուն Սապհանի հաստատած է, որ Լիբանան կը փափաքի Սէուտական Արաբիոյ հետ հեզասահ եւ ամրապնդուած յարաբերութիւններ ունենալ:

 

 

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. Հարիրի Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղէ Գործակցելու` Ի Խնդիր Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Շահերուն

Յաջորդը

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Երեսփոխանական Պլոքը Պիտի Անսայ Ֆրենժիէի Խնդրանքին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.