ՀԸԶՊԱԼԼԱ երէկ յետմիջօրէին ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն Զուայթինա շրջանին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ ինք չի փափաքիր մաս կազմել նոր կազմուելիք կառավարութեան` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը փոփոխութեան ենթարկելու միտումներ կան: Հարպ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին կազմելու կառավարութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստը անակնկալներէ զուրկ է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ շեշտեցին, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ կատարեալ համախոհութիւն գոյութիւն ունի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են զօր. Միշել Աունի հետ գործակցելու անոր նախագահ ընտրուելէն ետք, որովհետեւ իրենց նպատակը բարի է, ինչպէս նաեւ համոզուած են փոխադարձ գործակցութեամբ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ իրենք հանգիստ կը զգան երկուշաբթի օր տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան առիթով` աւելցնելով, որ զօր. Աուն նախագահական ընտրութեան առաջին փուլէն իսկ պիտի ընտրուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիթանի գետին մաքրութեան արշաւը քաղաքական ոչ մէկ շահ կ՛ապահովէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան արդիւնքները գրեթէ վերջնական են:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ վարչապետի իրենց թեկնածուն Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրին է` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան` կառավարութեան մաս կազմելու որոշումը պիտի քննարկուի յարմար առիթին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ընտրութիւնը պիտի վերահաստատէ երկրին պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան մաղթեց, որ այսօր ըլլայ օր մը, որուն ընթացքին լիբանանցիները պիտի վերահաստատեն իրենց վստահութիւնը` Լիբանանի եւ իրենք իրենց նկատմամբ:
ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ իրենք կը մաղթէին, որ կառավարութիւնը վաւերացնէր իրենց պահանջները, որպէսզի իշխանութեան նոր շրջանը չստիպուի ենթակայ ըլլալու այդ պահանջներուն բեռին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համաձայնութիւնը Լիբանանի համար նոր սկիզբ է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ եթէ Դիմադրութիւնը Լիբանանը ահաբեկչութենէն պաշտպանած չըլլար, ապա անկարելի էր, որ լիբանանցիները նախագահական ընտրութիւն կատարելու առիթ ունենային:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ երկուշաբթի նոր օր մը պիտի ըլլայ Լիբանանի ու Արեւելքի քրիստոնեաներուն, ինչպէս նաեւ երկրին պատմութեան մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր գործունէութեան ընթացքին նկատի պէտք է ունենայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր համաձայնութիւնը` ի շահ Լիբանանի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ սէուտցի նախարար Սամեր Սապհանի Լիբանան կատարած այցելութիւնը փաստ մըն է, թէ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի լիբանանցիներուն համախոհութեան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Սուրի ահաբեկչական բջիջին նպատակն էր թիրախ դարձնել զբօսաշրջիկները, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը, լիբանանեան բանակն ու շարք մը մզկիթներ:


