
Ծոցի երկիրներու հարցերու Սէուտական Արաբիոյ պետական նախարար Սամեր Սապհան երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ հոգեւոր պետերու հետ:
Ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիի` Սապհան երէկ առաւօտեան այցելեց նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիի եւ Ֆուատ Սինիորայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Սապհան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ Սէուտական Արաբիա պիտի զօրակցի հանրապետութեան այն նախագահին, որուն շուրջ լիբանանցիները կը համաձայնին:
Ան նշեց, որ ինք քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ կը քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւնները` նշելով, որ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով իր յարաբերութիւնները հեզասահ կը պահէ արաբական երկիրներուն հետ:
«Լիբանան մեզի համար արժէք է, եւ երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները անկարելի է շրջանցել», հաստատեց ան:
Իր կարգին, Միքաթի հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն միջամուխ չի դառնար, այլ` կ՛անդրադառնայ Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած ընդհանուր կացութեան: Ան աւելցուց, որ Ռիատ յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Սապհան այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը:
Հանդիպումէն ետք Սապհան մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Քլեմանսոյի մէջ Սապհան ընդունուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ եւ երեսփոխան Ղազի Արիտի:
Սապհան այցելեց նաեւ Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Տըրիան յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները եղած են պատմական` աւելցնելով, որ Սապհանի այցելութիւնը կը փաստէ, որ Ռիատ կը զօրակցի Լիբանանի եւ անոր ապահովական ու քաղաքական կայունութեան:
Պքերքէի մէջ սէուտցի պատուիրակը ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ ամէն տեսակի ահաբեկչութեան եւ բռնութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախարար Սապհան այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Նախարար Սապհան զօր. Աունին յանձնեց Սէուտական Արաբիան խորհրդանշող յուշանուէր մը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց սէուտցի նախարարը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին վերաբերող զարգացումները:
Կը նախատեսուի, որ Սապհան այսօր հանդիպումներ ունենայ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Իր կատարած այցելութիւններէն ետք Սապհան կրնայ եզրափակիչ մամլոյ ասուլիս մը տալ:


