
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան Մեհրապի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, ընկերակցութեամբ` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:
Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու եւ յարաբերականի պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն համագործակցութիւնը կը հզօրացնէ լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութիւնն ու Լիբանանի պետական հաստատութիւնները: «Իսկ ոմանք իրենք զիրենք այլ տեղ կը գտնեն. ասիկա անոնց ազատ ընտրանքն է: Սակայն մենք կը գտնուինք ազգային միասնականութեան փուլին մէջ եւ ո՛վ որ կ՛ընտրէ ազգային աշխատանքի ճիգերէն դուրս գտնուիլ, ատիկա անոր կամքը կը նկատուի, բայց եւ այնպէս ան կը մնայ նոյն հայրենիքին սահմաններուն մէջ», ըսաւ Պասիլ:
Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ փոխըմբռնումը ոչ ոք կը բացառէ, եւ այդ նպատակով մենք կոչ ուղղեցինք բոլորին` մաս կազմելու այդ համաձայնութեան, սակայն իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ քաղաքական իր ուղեգիծը ունի:
 
			

