
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Լիբանան, ընկերակցութեամբ` երեսփոխաններ Պասեմ Շապի եւ Եասին Ժապերի:
Պէյրութ վերադարձէն անմիջապէս ետք, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցան նախարարներ Աքրամ Շեհայէպ ու Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ երեսփոխաններ Ղազի Արիտի ու Ալաէտտին Թըրրօ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք Պըրրիին բացատրած է նախագահական ընտրութեան առումով իր որդեգրելիք կեցուածքը. ան աւելցուց, որ եթէ տարակարծութիւններ կան, ապա անոնք ձեւական են, «որովհետեւ մեր միջեւ պատմական յարաբերութիւններ կան, կայ պայքար մը, որուն համար արիւն թափած ենք` Լիբանանի եւ Պաղեստինի արաբական դիմագիծը պահպանելու առումով», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ան հաստատեց, որ Պըրրի կը մնայ պետական առաջին անձնաւորութիւնը, որ յանձնառու է պետական հաստատութեան եւ նախանձախնդիր է լիբանանեան պետութեան ու կայունութեան պահպանումին:
 
			

