
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուիի, երէկ այցելեց Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին:
Հանդիպումին ընթացքին Եազիժի պատրիարքը ողջունեց նախագահական ընտրութեան առումով գոյացած լիբանանեան համաձայնութիւնը` իր բարեմաղթութիւնները յայտնելով Լիբանանին:
Եազիժի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ նորընտիր նախագահին ընտրութեան նկատմամբ ջանքերը աշխուժացնեն լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը:
Իր կարգին, Սահնաուի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելը պատմական նուաճում մըն է:


