
Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է Ֆրենժիէի յայտնել, թէ ինք կը հասկնայ անոր կեցուածքը եւ վստահ է, որ Ֆրենժիէ կը ցանկայ Լիբանանի շահերուն ապահովումը:
«Մեր կարծիքով` նախագահական ընտրութիւնը Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ: Կը հասկնամ Ֆրենժիէի կեցուածքը, եւ մենք միասին ենք ուրախութեան եւ նեղութեան պահերուն», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով, որ իրենց միջեւ գործակցութիւնը պահպանուի:


