Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ. Հարիրի Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղէ Գործակցելու` Ի Խնդիր Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Շահերուն

October 31, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

rayi_hariri_103016

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթ օր Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:

Հարիրիի ընկերակցեցան իր խորհրդականները` Նատեր Հարիրի, նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի, Հանի Համմուտ եւ Տաուտ Սայեղ:

Ռայի պատրիարքը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին դիմաւորեց հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Բարի՛ եկար, քաջ եւ որոշումի մարդ»:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը միշտ ալ յանձնառու եղած է հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան` աւելցնելով, որ իրեն համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը նոյնքան կարեւոր է:

«Երկիրը այսօր կը գտնուի նոր փուլի մը դիմաց, եւ բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ գործակցելու ի խնդիր Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերուն», ըսաւ Հարիրի` մաղթելով, որ սպիտակ երկուշաբթին ըլլայ առիթ մը` լիբանանցիներուն միջեւ նոր էջ մը բանալու եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը վերաշխուժացնելու առումով:

Հարիրի հաստատեց, որ իրենք նոր էջ մը պիտի բանան լիբանանեան պետութեան դիմաց մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակաշրջան մը դիմագրաւելու նպատակով:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց Հարիրին` գնահատելով անոր ի գործ դրած ջանքերը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ բոլորին պարտականութիւնն է այս փուլին ներդրում ունենալու Լիբանանի բարգաւաճման մէջ, որովհետեւ Լիբանան կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն օժանդակութեան:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է զօրակցին եւ նեցուկ կանգնին հանրապետութեան նախագահին:

Ան մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը հեզասահ կ՛ընթանայ, առանց խոչընդոտներու գոյութեան:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին զարգացումները:

Ռայի պատրիարքը զօրակցութիւն յայտնեց խորհրդարանին` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով, ընդգծելով, որ երկուքուկէս տարուան նախագահական թափուր դրութենէ ետք ժամանակն է արդէն ջանքերը բազմապատկելու` ազգային նոր սկիզբի մը նպատակով:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Զարգացումները

Յաջորդը

Սէուտցի Պատուիրակ Սամեր Սապհան Աւարտեց Լիբանան Կատարած Իր Այցելութիւնը Եւ Մեկնեցաւ Գահիրէ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.