
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, ընկերկացութեամբ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի, երէկ այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ապա զօր. Աուն ուղղուեցաւ Քլեմանսօ, ուր ընդունուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Պասիլ, նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Աքրամ Շեհայէպ, երեսփոխաններ Հանրի Հըլու, Ալաէտտին Թըրրօ եւ Ղազի Արիտի, ինչպէս նաեւ Թայմուր Ժոմպլաթ:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխանները համաձայնած են զօրակցիլ զօր. Աունի թեկնածութեան:
«Այս որոշումը գործադրութեան պիտի դրուի երկուշաբթի օրուան նախագահական ընտրութեան նիստին ընթացքին, իսկ այսօր Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը պիտի գումարէ խորհրդակցական նիստ մը: Ինչպէս յայտնած էի, ոմանք կը մերժեն, իսկ ոմանք համաձայն են, սակայն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մեծամասնութիւնը համաձայն է զօր. Աունի թեկնածութեան զօրակցութեան», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ան յաջողութիւն մաղթեց զօր. Աունին` շեշտելով, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին անոր` Լիբանանի շահերուն համար:
Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ժոմպլաթի` իր թեկնածութեան նկատմամբ ցուցաբերած անոր զօրակցութեան համար:
Ան աւելցուց, որ իր իշխանութեան ընթացքին իրենք պիտի գործակցին Լիբանանի բարգաւաճման, ընկերային իրականութեան բարելաւման եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման ի խնդիր:
 
			

