Լիբանանեան

Վարչապետարանը Կը Հերքէ Այսօր  Դպրոցներու Արձակուրդ Ըլլալուն Լուրը

Վարչապետարանը Կը Հերքէ Այսօր Դպրոցներու Արձակուրդ Ըլլալուն Լուրը

Երէկ երեկոյեան վարչապետարանը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ ընթացաւարտ շրջանի վարչապետ Թամմամ Սալամի որոշումով պետական եւ սեփական բոլոր դպրոցները այսօր փակ պիտի մնան: Վարչապետարանը հաստատեց, որ այսօր դպրոցական սովորական օր է: Միւս կողմէ, Սալամ երէկ մրացանակաբաշխումը կատարեց Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով Մաքասետ միութեան կազմակերպած վազքի մրցումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ նախագահական աթոռի թափուր դրութիւնը աւարտած է նախագահական ընտրութեամբ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց արագացնելու ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը` իսկական գործակցութիւնը ապահովելու համար: Ան ընդգծեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը: ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ անոր կուսակցութիւնը բոլոր դիւրութիւնները կը մատուցեն` կազմելու համար Լիբանանի կառավարութիւնը: ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն...

Պաապտայի Մէջ.  «Հանրապետութեան Նախագահին Ընտրութեամբ  Անկախութիւնը Վերստացած Է Իր Արժէքը»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Պաապտայի Մէջ. «Հանրապետութեան Նախագահին Ընտրութեամբ Անկախութիւնը Վերստացած Է Իր Արժէքը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Նախքան հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումը, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իր այցելութիւնը նախագահ Աունի Պքերքէ կատարած այցելութեան փոխադարձելու նպատակով է, ինչպէս նաեւ դարձեալ շնորհաւորութիւններ փոխանցելու համար անոր ընտրութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթելու անոր` երկրին իշխանութիւնը ղեկավարելու առումով: Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց նաեւ Լիբանանի Անկախութեան...

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Կարելի  Եղածին Չափ Դիւրացուցած Եմ»

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կարելի Եղածին Չափ Դիւրացուցած Եմ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով ինք բոլոր դիւրութիւնները կը տրամադրէ, սակայն չէր կրնար լուռ մնալ խորհրդարանին մասին կատարուած յայտարարութիւններուն դիմաց: «Եւ նկատի ունենալով, որ խորհրդարանը նիստեր չի գումարեր, իբրեւ խորհրդարանի նախագահ ես եմ անոր անունով խօսողը», ըսաւ ան: Պըրրի յայտնեց, որ շիի համայնքը ամէնէն աւելի պահանջեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը եւ ամէն գնով...

Մահմուտ Ապպաս  Կը Շնորհաւորէ Հարիրին

Մահմուտ Ապպաս Կը Շնորհաւորէ Հարիրին

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ շնորհաւորագիր մը յղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին` անոր նշանակումին առիթով, ան նաեւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով: Միւս կողմէ, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Հեսթեր Սոմսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սոմսըն շեշտեց, որ շատ դրական է ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը` աւելցնելով, որ այլեւս...

Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդը  Կոչ Կ՛ուղղէ  Խորհրդարանին Մէջ Կիներու  Ներկայացուցչութեան Մասնաբաժինը  Նուազագոյնը 30 Առ Հարիւր Դարձնելու

Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Խորհրդարանին Մէջ Կիներու Ներկայացուցչութեան Մասնաբաժինը Նուազագոյնը 30 Առ Հարիւր Դարձնելու

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը` գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բնակչութեան ֆոնտին, կազմակերպեց հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան այն քայլերը, որոնք յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի առնուին` խորհուրդին մշակած տասնամեայ (2011-2021) ազգային ռազմավարութեան գործադրութեան ծիրին մէջ: Հանդիպումին մասնակցեցան տարբեր նախարարութիւններէ, ընդհանուր տնօրէնութիւններէ, Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններէ, քաղաքացիական ընկերութենէն, համալսարաններէ եւ սենտիքաներէ 95 ներկայացուցիչներ: Հանդիպումին բացումը կատարեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատուներէն Սօսի Փոլատեան,...

Արսալի Մէջ Բանակը Խուզարկեց  Սուրիական Գաղթակայան Մը

Արսալի Մէջ Բանակը Խուզարկեց Սուրիական Գաղթակայան Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ բանակը Արսալի Այն Շաապ շրջանին մէջ խուզարկած է սուրիական գաղթակայան մը` փնտռելով յանցագործներ: Խուզարկումներու ընթացքին բանակը ձերբակալած է կասկածելիներ, ինչպէս նաեւ գրաւած մեծ թիւով մոթորսիքլեթներ:  

Հանրապետութեան Նախագահի  Ընտրութեան Առիթով.  Սամի Ժեմայէլ Շնորհաւորեց Պասիլը

Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան Առիթով. Սամի Ժեմայէլ Շնորհաւորեց Պասիլը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի հետ, ներկայութեամբ` նախարարներ Էլիաս Ապու Սաապի եւ Ալեն Հաքիմի, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Սերժ Տաղերի: Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան անունով շնորհաւորեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը` զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով: Ապա քննարկուեցան երկու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիներուն համար կառավարութեան կազմութեան յայտարարութիւնը ըլլայ  նոր իշխանութեան կողմէ մատուցուած նուէրը: ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ տիրող քաղաքական լարուածութիւնը կը խոչընդոտէ կառավարութեան ծնունդը: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմուելու ընթացքին մէջ է, եւ 24 նախարարէ բաղկացող կառավարութեան կազմին մէջ...

Պքերքէի Մէջ.  Նախագահ Աուն Եւ Ռայի Պատրիարքը Կը Հաստատեն Ազգային Ուխտին, Սահմանադրութեան Եւ Ազգային Միասնականութեան Կառչած Մնալու Անհրաժեշտութիւնը

Պքերքէի Մէջ. Նախագահ Աուն Եւ Ռայի Պատրիարքը Կը Հաստատեն Ազգային Ուխտին, Սահմանադրութեան Եւ Ազգային Միասնականութեան Կառչած Մնալու Անհրաժեշտութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ նախագահ Աունի Պքերքէ կատարած առաջին այցելութիւնը ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին շեշտուի, թէ հանրապետութեան նախագահութիւնը եւ Պքերքէն միասնաբար կը գործեն երկրին հաստատութիւններուն եւ լիբանանցիներուն շահերուն համար: Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ մարոնի պատրիարքութիւնը միայն մարոնի համայնքին...

Նախագահ Աուն Մուքպելի Հետ Քննարկեց  Պաշտպանութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Մուքպելի Հետ Քննարկեց Պաշտպանութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց ընթացաւարտ կառավարութեան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ նախագահ Աունը շնորհաւորած է անոր ընտրութեան առիթով` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի իշխանութեան սկիզբը բոլոր լիբանանցիներուն համար յուսադրիչ իրադարձութիւն մըն է, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմանները: Մուքպել շեշտեց, որ նախագահ Աունի երդման...

«Տակաւին Կը Գտնուինք Կառավարութեան  Կազմութեան Ընդունելի Ժամկէտի Սահմաններուն Մէջ  Եւ Ոչ Ոքի Դէմ Վեթօ Կ՛օգտագործենք»  Շեշտեց Քանաան

«Տակաւին Կը Գտնուինք Կառավարութեան Կազմութեան Ընդունելի Ժամկէտի Սահմաններուն Մէջ Եւ Ոչ Ոքի Դէմ Վեթօ Կ՛օգտագործենք» Շեշտեց Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ պահանջուածը իշխանութեան նոր նստաշրջանի հեզասահ ընթացքն է: Ան նշեց, որ երէկ Պքերքէի մէջ գծուած պատկերը, որուն մէջ ներկայ էին Ա. իշխանութեան պետն ու մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, ցոյց տուաւ, թէ ամբողջ այս ժամանակաշրջանին...

«Հարիրիին Յայտնեցի Միջազգային Դրամատան  Պատրաստակամութիւնը` Լիբանանի Հետ  Ամէն Իմաստով Գործակցելու Առումով»   Շեշտեց Պալհաժ

«Հարիրիին Յայտնեցի Միջազգային Դրամատան Պատրաստակամութիւնը` Լիբանանի Հետ Ամէն Իմաստով Գործակցելու Առումով» Շեշտեց Պալհաժ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան գործադիր տնօրէն Ֆարիտ Պալհաժը, ներկայութեամբ` Հարիրիի տնտեսական հարցերու խորհրդատու Մազեն Հաննայի: Հանդիպումէն ետք Պալհաժ յայտնեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները` նկատի ունենալով մօտիկ ապագային կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնը: Պալհաժ յայտնեց, որ կան տնտեսական, ընկերային եւ ենթակառոյցի վերաբերող կարեւոր ծրագիրներ, զորս կարելի է...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը  Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Ազգային Միասնականութեան  Կառավարութեան Կազմութիւնը  Եւ Վաւերացնելու Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Ազգային Միասնականութեան Կառավարութեան Կազմութիւնը Եւ Վաւերացնելու Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ` երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատալալլա կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պլոքը յարգած է Նահատակի օրը եւ ողջունած իւրաքանչիւր նահատակի զոհողութիւնը, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան նահատակներուն թափած արիւնը` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը սիոնական եւ հաւատադրժողական թշնամիներուն դէմ: Ֆատլալլա նշեց, որ Լիբանանի անկախութեան տօնին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ կարգ մը համայնքներ ուժային նախարարութիւններէ հեռացնելը Ազգային ուխտի շրջանցում է: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պեքաայի Թիպէ գիւղաքաղաքի սուրիական գաղթակայանին մէջ գրաւած է 6 մոթորսիքլեթներ եւ կատարած ձերբակալութիւններ: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ մը, որ ահաբեկչական տուեալ կազմակերպութեան համար զէնք ու զինամթերք կ՛ապահովէր: ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն...

Հայազգի Երկու Զօրավարներ Պաշտօնի  Կոչուած` Նախագահական Պալատին Մէջ

Հայազգի Երկու Զօրավարներ Պաշտօնի Կոչուած` Նախագահական Պալատին Մէջ

Զօր. Յովհաննէս Քէշիշեան նշանակուած է նախագահական պահակագունդի Բ. վաշտի հրամանատար` ստանձնելով Հանրապետութեան նախագահի անձնական ապահովութիւնը: Զօր. Պետրոս Լափաճեան նշանակուած է պահակագունդի Գ. վաշտի հրամանատար` ստանձնելով նախագահական պալատի գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը: Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով երկու բարձրաստիճան հայազգի սպաներ միաժամանակ կը ստանձնեն նման զգայուն պատասխանատուութիւններ:

Նախագահ Աուն Հանդիպում  Ունեցաւ Վարչապետ Հարիրիի Հետ

Նախագահ Աուն Հանդիպում Ունեցաւ Վարչապետ Հարիրիի Հետ

Երէկ գիշեր ժամը 8:30-ին Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին: Վարչապետ Հարիրին հանրապետութեան նախագահին տեղեկացուց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն մասին: Հանդիպումէն ետք վարչապետը ըսաւ, թէ կարգ մը մանրամասնութիւններ սերտուելու ընթացքի մէջ են, եւ ընդհանրապէս կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը դրական մթնոլորտի մէջ կ՛ընթանայ` յոյս յայտնելով, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը բարի աւարտ մը ունենայ:

Սամեհ Շուքրի Կը Հաստատէ Եգիպտոսի  Յանձնառութիւնը Լիբանանի  Կայունութեան Նկատմամբ

Սամեհ Շուքրի Կը Հաստատէ Եգիպտոսի Յանձնառութիւնը Լիբանանի Կայունութեան Նկատմամբ

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ այցելեց Պաապտա, ուր շնորհաւորեց զօր. Միշել Աունը` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան շրջանցած է իր դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս նախագահական երդման ճառին շուրջ լիբանանցիներուն գոյացուցած համախոհութեան շնորհիւ: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի գոյացած ներքին լիբանանեան համաձայնութիւնը...

Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց Միւֆթի  Տըրիանը Եւ Հաստատեց Իր Երդման Ճառը  Գործադրելու Ուղղութեամբ Կատարելիք Աշխատանքը

Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց Միւֆթի Տըրիանը Եւ Հաստատեց Իր Երդման Ճառը Գործադրելու Ուղղութեամբ Կատարելիք Աշխատանքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը, որ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` անոր ընտրութեան առիթով: Միւֆթի Տըրիան մաղթեց, որ նախագահ Աունի իշխանութեան օրերուն լիբանանցիներուն ձգտումները իրագործուին` յոյս յայտնելով նաեւ, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը կազմուի: «Մեր գրաւը կը դնենք լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութեան վրայ, յատկապէս նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ գործակցութեան...

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Դրական Ընթացքի Մէջ Է Եւ Կը Յուսանք,  Որ Անոր «Ծնունդ»-Ը Մօտալուտ Ըլլայ»

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Դրական Ընթացքի Մէջ Է Եւ Կը Յուսանք, Որ Անոր «Ծնունդ»-Ը Մօտալուտ Ըլլայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դրական ընթացքի մէջ է եւ կարգ մը խոչընդոտներ կը փարատին: Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան ծնունդը մօտալուտ ըլլայ, նոյնիսկ Լիբանանի Անկախութեան տօնէն առաջ: Պըրրի շեշտեց, որ երկրին քաղաքական ուժերը կը փափաքին, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կազմուի, որպէսզի կարելի ըլլայ...

Page 781 of 986 1 … 780 781 782 … 986

Արխիւներ