Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 21, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց արագացնելու ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը` իսկական գործակցութիւնը ապահովելու համար: Ան ընդգծեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ անոր կուսակցութիւնը բոլոր դիւրութիւնները կը մատուցեն` կազմելու համար Լիբանանի կառավարութիւնը:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ պահանջուածը յաւելեալ միասնականութիւն է` ներքին լիբանանեան ճակատը կայուն պահելու նպատակով:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Հըզպալլայի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիրներուն տէր կանգնելու համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մէջ կը տեսնեն առիթ մը` Լիբանանը փրկելու իր տագնապներէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իրենց համաձայնութեան մէջ հաստատ կը մնան եւ հետզհետէ կը յառաջդիմեն: Կառավարութեան կազմութեան մասին Քանաան յայտնեց, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժի մասնակցութիւնը վեթոյի ենթարկուած է:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին շնորհաւորեց Լիբանանի Անկախութեան տօնն ու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` մաղթելով, որ յոյն ուղղափառ համայնքը յաջորդ կառավարութեան մէջ ներկայացուի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն բոլոր լիբանանցիները յոյսով համակած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ Լիբանանը կարելի է պահպանել միայն անոր միասնականութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ համերաշխութիւնը պահպանելով:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն ուժանիւթի նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ այս իմաստով իրենց կեցուածքը յստակ է եւ կը մնայ անփոփոխ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց արագացնելու ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, հաստատեց, որ Մուսթաքպալ մեծ սխալ կը գտնէ այն իրականութիւնը, որ 2005-էն ի վեր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ չէ մտերմացած: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ կը տիրէ դրական մթնոլորտ:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Մէկ Օրուան Մէջ Քրտական Կուսակցութեան 51 Անդամ Ձերբակալուած Է

Յաջորդը

Վարչապետարանը Կը Հերքէ Այսօր Դպրոցներու Արձակուրդ Ըլլալուն Լուրը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?