Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Խորհրդարանին Մէջ Կիներու Ներկայացուցչութեան Մասնաբաժինը Նուազագոյնը 30 Առ Հարիւր Դարձնելու

Նոյեմբեր 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nclw_meeting_111816

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը` գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բնակչութեան ֆոնտին, կազմակերպեց հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան այն քայլերը, որոնք յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի առնուին` խորհուրդին մշակած տասնամեայ (2011-2021) ազգային ռազմավարութեան գործադրութեան ծիրին մէջ:

Հանդիպումին մասնակցեցան տարբեր նախարարութիւններէ, ընդհանուր տնօրէնութիւններէ, Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններէ, քաղաքացիական ընկերութենէն, համալսարաններէ եւ սենտիքաներէ 95 ներկայացուցիչներ:

Հանդիպումին բացումը կատարեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատուներէն Սօսի Փոլատեան, որ շեշտեց նոր մշակուած աշխատանքի  ծրագիրը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծեց, որ նոր ծրագիրը հիմնուած է Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կողմէ 2013, 2014 եւ 2015 տարիներուն գործադրուած ռազմավարութեան գծով կատարուած արժեւորումին վրայ եւ կ՛ընդգրկէ յաւելեալ ցուցմունքներ:

Սօսի Փոլատեան հաստատեց, որ խորհուրդին մշակած տասնամեայ ազգային ռազմավարութեան գործադրութիւնը անկարելի պիտի ըլլար, եթէ պետական մարզի, քաղաքացիական ընկերութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն չունենար:

Ան բարձր գնահատեց բոլորին գործակցութիւնը եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ տրամադրելու ճիգերը, որպէսզի կարելի ըլլար գործադրել այն 12 նպատակները, որոնց մասին է ամբողջ ռազմավարութիւնը, որ վաւերացուած է կառավարութեան կողմէ` 12 յունիս 2012-ին:

Քննարկումներուն ընթացքին ներկաները հաստատեցին, որ կնոջ դերակատարութիւնը ամրապնդելու իմաստով առաջնահերթութիւն պէտք է նկատուի կինը պատասխանատու դիրքերու հասցնելն ու ազգային որոշումներուն մասնակից դարձնելը:

Այս մտահոգութենէն մեկնելով` հանդիպումը համախոհութեամբ պահանջեց մշակել ընտրական նոր օրէնք մը, որուն մէջ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը նուազագոյնը 30 առ հարիւր ըլլայ:

Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին Մարկրեթ Հըլու ներկայացուց մշակուած ծրագիրին առանցքները` շեշտելով, որ այդ ծրագիրը պետական մարզին եւ քաղաքացիական ընկերութեան հետ իրենց աշխատանքին արդիւնքն է:

Հըլու դիտել տուաւ, որ խորհուրդը իր տասնամեայ (2011-2021) ազգային ռազմավարութիւնը մշակած է հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու յատուկ միջազգային փաստաթուղթերու, ՄԱԿ-ի հրապարակած զանազան ուսումնասիրութիւններուն եւ վիճակագրութեանց արդիւնքներուն վրայ:

 

Նախորդը

Արսալի Մէջ Բանակը Խուզարկեց Սուրիական Գաղթակայան Մը

Յաջորդը

Մահմուտ Ապպաս Կը Շնորհաւորէ Հարիրին

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?