Լիբանանեան

Նախագահ Սարգսեան Կը Շնորհաւորէ  Լիբանանի Անկախութեան Տօնը

Նախագահ Սարգսեան Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին առիթով շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին: «Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով կը շնորհաւորեմ ձեզ` մաղթելով, որ ձեր նախագահութեան օրերուն Լիբանան շարունակէ նուաճումներ արձանագրել: Վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ ամրապնդուած դարաւոր յարաբերութիւնները եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ շարունակական բարեկամութիւնը պիտի շարունակուին նոյն հեզասահութեամբ` հասնելով հզօրութեան յաւելեալ բարձունքներու, ձեր իշխանութեան...

Խմբագրական.  Պահու Կարեւորութիւնը

Նախագահական Պալատը Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Բոլոր Որմազդներն Ու Պաստառները Վերցնելու

Նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր քաղաքացիներուն, քաղաքապետարաններուն, միութիւններուն, մարմիններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք իր նախագահ ընտրուելուն առիթով ուրախութիւն ցուցաբերած էին եւ սահմանադրական իրաւասութիւնները ստանձնելուն առիթով իր լուսանկարները կրող որմազդներ զետեղած էին, ինչպէս նաեւ պաստառներ բարձրացուցած լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ այդ որմազդներն ու պաստառները...

«Կառավարութեան Կազմութեան Առումով  Հիմնական Համաձայնութիւնները Գոյացած Են,  Եւ Անոր Յայտարարութիւնը  Ուշացնելու Պատճառ Չկայ»  Շեշտեց Պասիլ

«Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Հիմնական Համաձայնութիւնները Գոյացած Են, Եւ Անոր Յայտարարութիւնը Ուշացնելու Պատճառ Չկայ» Շեշտեց Պասիլ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով հիմնական համաձայնութիւնները գոյացած են, եւ անոր յայտարարութիւնը ուշացնելու պատճառ չկայ, բացի կարգ մը մանրամասնութիւններէ, որոնք ոմանց համար կարեւոր են, իսկ այլոց համար` նուազ կարեւոր: Պասիլ նշեց, որ կառավարութիւնը կը յարգէ բոլորը եւ կը...

Քաթարցի Պատուիրակը Նախագահ Աունին  Յայտնեց Լիբանանի Նկատմամբ Զօրակցութիւնը  Եւ Անոր Յանձնեց Տոհա Այցելութեան Հրաւէր Մը

Քաթարցի Պատուիրակը Նախագահ Աունին Յայտնեց Լիբանանի Նկատմամբ Զօրակցութիւնը Եւ Անոր Յանձնեց Տոհա Այցելութեան Հրաւէր Մը

Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան: Ապտել Ռահման Ալ Թանի Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ: Հանդիպումէն ետք քաթարցի պատուիրակը հաստատեց, որ նախագահ Աունին յանձնած է Տոհա այցելութեան հրաւէր մը` ուղղուած Թամիմ պըն Համատ...

Պըրրի. «Յոյսով Ենք, Որ Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող  Հարցերը Պիտի Լուծուին»

Պըրրի. «Յոյսով Ենք, Որ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Հարցերը Պիտի Լուծուին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան ընթացքն ու մթնոլորտը բաւական լաւ եւ դրական են` յոյս յայտնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող հարցերը լուծուին: Խորհրդարանի նախագահը աւելցուց, որ կառավարութեան կը սպասեն լուրջ աշխատանքներ ու վարժանիստեր, որոնցմէ է ընտրական նոր օրէնքի մշակումը, որ առաջնահերթութիւն է: Նշենք, որ Պըրրիի մօտիկ...

Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան  Ժ. Տարելիցին Առիթով`   «Մեր Սկզբունքները Սակարկութեան  Ենթակայ Չեն, Իսկ Մեր Նպատակը  Լիբանանն Է Եւ Ոչ Թէ Դիրքերը»   Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Ժ. Տարելիցին Առիթով` «Մեր Սկզբունքները Սակարկութեան Ենթակայ Չեն, Իսկ Մեր Նպատակը Լիբանանն Է Եւ Ոչ Թէ Դիրքերը» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի եւ անոր ընկերակիցին` Սամիր Շարթունիի սպանութեան Ժ. տարելիցին առիթով, երեքշաբթի երեկոյեան Հարիսայի մէջ  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ` Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը: Հոգեհանգիստին ներկայ գտնուեցան, նահատակ նախարարին ընտանիքը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի...

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները  Կոչ Կ՛ուղղեն Իրենց Զաւակներուն  Ազատ Արձակման Ուղղութեամբ Գործելու

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Կոչ Կ՛ուղղեն Իրենց Զաւակներուն Ազատ Արձակման Ուղղութեամբ Գործելու

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ Լիբանանի Անկախութեան տօնը այս տարի պատանդ կը նկատուի` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կոչուած է ազատ արձակելու առեւանգուած բանակայինները: Եուսեֆ աւելցուց, որ երկրին իշխանութիւնը այսօր ունի իր պետը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, որ պէտք է փաստէ, թէ ինք բոլորին հայրն է եւ կը ջանայ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակել: Ան...

Մաշնուք Կը Հաստատէ Քաղաքապետական  Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին  Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

Մաշնուք Համաձայնութիւն Յայտնեց Առանց Մեքանիզմի Ստուգման Ինքնաշարժները Արձանագրելու Պահանջին

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ համաձայնութիւն յայտնեց այն պահանջին, որ առանց մեքանիզմի ստուգման կարելի ըլլայ ինքնաշարժները արձանագրել: Նշենք սակայն, որ այս համաձայնութիւնը երեք ամսուան համար ի զօրու է: Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ 1 դեկտեմբեր 2016-էն սկսեալ անցագիրի դիմում կատարելու համար անհրաժեշտ պիտի նկատուի նաեւ անձնաթուղթի ներկայացումը մնացեալ փաստաթուղթերուն կողքին:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹՈՒՐՔԻՈՅ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` վարչապետ նշանակուելուն առիթով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց անոր: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սուրի Հաուշ շրջանին մէջ ձերբակալած է եօթը հոգինոց աւազակախումբ մը, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ կը զբաղի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը վաղը` ուրբաթ օր պիտի կատարէ եռօրեայ հովուապետական...

Մամլոյ Արձակուրդ

Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 24 նոյեմբերին:

«Ստիպուած Ենք Ամրապնդելու Անկախութիւնը,  Իսկ Երկիրը Կերտելու Աշխատանքը  Բոլորին Ներդրումին Կարիքը Ունի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Ստիպուած Ենք Ամրապնդելու Անկախութիւնը, Իսկ Երկիրը Կերտելու Աշխատանքը Բոլորին Ներդրումին Կարիքը Ունի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին առիթով լիբանանցիներուն ուղղեց իր պատգամը, որուն մէջ նշեց, որ տարիներէ ի վեր Լիբանան կ՛ապրի պատերազմական վիճակով յատկանշուած շրջանի մը մէջ: Այդ տագնապները սկսած էին վարչակարգերու բարեկարգումի կարգախօսներ արծարծող պահանջատիրական շարժումներով, որոնք աւելի ուշ վերածուեցան բռնարարքներու, եւ ապա` զինեալ բախումներու, որոնք արտաքին ուժերուն առիթ տուին վերահսկողութեան ենթարկելու արաբ ժողովուրդներուն...

Լիբանանի Անկախութեան 73-Ամեակին Առիթով  Ծաղկեպսակներու Զետեղում` Անկախութիւնը  Կերտած Անձնաւորութիւններուն Շիրիմներուն

Լիբանանի Անկախութեան 73-Ամեակին Առիթով Ծաղկեպսակներու Զետեղում` Անկախութիւնը Կերտած Անձնաւորութիւններուն Շիրիմներուն

Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին առիթով երէկ իշխանութեան երեք պետերուն անունով տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` երկրին անկախութիւնը կերտած անձնաւորութիւններուն շիրիմներուն: Ընթացաւարտ կառավարութեան զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն երկու ծաղկեպսակներ զետեղեց Պշարա Խուրիի եւ Սաէպ Սալամի դամբարաններուն: Ընթացաւարտ կառավարութեան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան ծաղկեպսակ մը զետեղեց Մեժիտ Արսլանի դամբարանին: Երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր իշխանութեան երեք պետերուն անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ֆուատ...

Նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորէն  Կը Ստանայ Ռիատ Այցելութեան Պաշտօնական Հրաւէր

Նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորէն Կը Ստանայ Ռիատ Այցելութեան Պաշտօնական Հրաւէր

Սէուտական Արաբիան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի անձնական պատուիրակ` Մեքքայի Խալետ Ֆայսալ իշխանը եւ արտաքին գործոց նախարար Նիզար Մատանին, երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիի կողմէ: Սէուտական պատուիրակութիւնը իսկոյն ուղղուեցաւ...

Զօր. Քահուաժի. «Նախագահ Աունի  Ընտրութիւնը Նոր Էջ Մը Բացած Է»

Զօր. Քահուաժի. «Նախագահ Աունի Ընտրութիւնը Նոր Էջ Մը Բացած Է»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի անկախութեան 73-ամեակին առիթով «Օրուան հրահանգը» ուղղեց բանակին` շեշտելով, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը նոր էջ մը բացած է Լիբանանի պատմութեան մէջ: «Այս տարի Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով յոյս կը ներշնչուի երկրին եւ լիբանանցիներուն` նկատի ունենալով, որ տարիներու վրայ երկարող նախագահական թափուր դրութիւնը վերջ գտած է: Տիրող յոյսի մթնոլորտին լոյսին տակ երկրին կայունութիւնը...

Հարիրի. «Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութիւնը  Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Համար Կորուստ Է»

Հարիրի. «Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութիւնը Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Համար Կորուստ Է»

Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի նահատակութեան 10-ամեակին առիթով վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ քաղաքականէն առաջ անձնական մակարդակի վրայ ինք տակաւին Ժեմայէլի կորուստը կը զգայ այնպէս մը, որ կարծէք Փիեռ Ժեմայէլի սպանութիւնը երէկ էր: Հարիրի նշեց, որ Փիեռ Ժեմայէլ իրեն համար եղած է եղբայր եւ բարեկամ, որ բոլորին հետ հաւասարապէս կը վարուէր: «Փիեռ Ժեմայէլի սպանութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար կորուստ է: Անոր...

Լիբանանի Անկախութեան Սեմին  Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Կը Մնայ Արգելակուած

Լիբանանի Անկախութեան Սեմին Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Արգելակուած

Լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն ճշմարտութիւնը եկաւ հաստատելու, որ այս երկրին մէջ լաւատեսութիւնն ու քաղաքական համախոհութիւնը չեն կրնար երկարատեւ ըլլալ: Փաստը այն է, որ Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին սեմին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ արգելակուած, մինչդեռ բոլորին յոյսերն ու ճիգերը ուղղուած էին նախքան Անկախութեան տօնը կառավարութեան նոր կազմի յայտարարութեան: Սակայն ինչ որ Անկախութեան տօնի սեմին չպատահեցաւ, կրնայ Անկախութեան տօնի նախօրեակին, այսինքն` այսօր պատահիլ,...

Հարիրի. «Կառավարութիւնը Պիտի Կազմուի  Մօտիկ Ապագային,  Եւ Այդ Իմաստով Երբեք Մտահոգ Չեմ»

Հարիրի. «Կառավարութիւնը Պիտի Կազմուի Մօտիկ Ապագային, Եւ Այդ Իմաստով Երբեք Մտահոգ Չեմ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ուսանողները, որոնց ներկայութեան վերահաստատեց, թէ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի կազմուի` աւելցնելով, որ ինք այդ իմաստով երբեք մտահոգ չէ: Հարիրի ըսաւ, որ իրեն համար կարեւորը այն է, որ աշխատանքը հունի մէջ մտնէ: «Նախորդ երեք տարիները Լիբանանի համար եղած են բաւական դժուար տարիներ, եւ կացութիւնը փրկուած է հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նպատակով...

Ուահապ Կը Յայտարարէ  Թաուհիտի Ջոկատները

Ուահապ Կը Յայտարարէ Թաուհիտի Ջոկատները

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ յայտարարեց Թաուհիտի ջոկատները` նշելով, որ անոնք զինուորական կամ ապահովական ջոկատներ չեն եւ անոնց նպատակը բռնարարքներ գործադրել չէ: Ուահապ նշեց, որ Թաուհիտի ջոկատները քաղաքացիական են եւ կը մերժեն զէնքի օգտագործումը` բացի երբ անիկա ինքնապաշտպանութեան համար է: Ուահապ նշեց, որ այդ ջոկատները կրնան նաեւ զէնքի ուժին դիմել բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակելու ընթացքին, եթէ...

Իսքանտար Էլիաս, Ապտօ Լահուտ, Ժորժ Ըսթֆեն  Եւ Ուաժիհ Մասաատ Դարձան Պէյրութի  Իրաւաբաններու Սենտիքայի Անդամներ

Իսքանտար Էլիաս, Ապտօ Լահուտ, Ժորժ Ըսթֆեն Եւ Ուաժիհ Մասաատ Դարձան Պէյրութի Իրաւաբաններու Սենտիքայի Անդամներ

Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքային մէջ երէկ տեղի ունեցան սենտիքայի ընտրութիւններ, որոնց աւարտին Իսքանտար Էլիաս 1900 քուէով, Ապտօ Լահուտ 1679 քուէով, Ժորժ Ըսթֆեն 1527 քուէով եւ Ուաժիհ Մասաատ 1526 քուէով ընտրուեցան սենտիքայի անդամներ:

Իսլամական Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Հանրապետութեան Նախագահին Ճառը

Իսլամական Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Հանրապետութեան Նախագահին Ճառը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միացեալ նուաճումն է. անիկա յատկապէս վարչապետ Սաատ Հարիրիի իրագործումն է, որուն նախաձեռնութեամբ կարելի եղաւ նախագահական ընտրութիւն կատարել: Խորհուրդը բարձր գնահատեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած երդման ճառը, որուն մէջ յստակ էր...

Page 780 of 986 1 … 779 780 781 … 986

Արխիւներ