Երէկ երեկոյեան վարչապետարանը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ ընթացաւարտ շրջանի վարչապետ Թամմամ Սալամի որոշումով պետական եւ սեփական բոլոր դպրոցները այսօր փակ պիտի մնան:
Վարչապետարանը հաստատեց, որ այսօր դպրոցական սովորական օր է:
Միւս կողմէ, Սալամ երէկ մրացանակաբաշխումը կատարեց Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով Մաքասետ միութեան կազմակերպած վազքի մրցումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ նախագահական աթոռի թափուր դրութիւնը աւարտած է նախագահական ընտրութեամբ եւ վարչապետի նշանակումով:
Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն յայտարարուի յաջորդ կառավարական կազմը, որ Լիբանանին բարիք տրամադրէ:
Սալամ հաստատեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը: